Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բնաւ Չեմ Զղջար Հանրապետութեան Նախագահ Ըլլալուս Եւ Օր Մը Օրանց Պատասխանատուութենէ Չեմ Խուսափած, Այլ Մինչեւ Վերջ Յանձնառու Եղած Եմ Անոր». Նախագահ Աուն

August 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ֆրանսական «Փարի Մաչ» թերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք բնաւ չի զղջար հանրապետութեան նախագահ ըլլալուն համար:

«Ոմանք կը փափաքէին, որ երկրին դիմագրաւած այս դժուար եւ զգայուն փուլին հանրապետութեան նախագահ չըլլայի, իսկ  ուրիշներ կը հաստատեն, որ այս փուլին ընթացքին իբրեւ նախագահ իմ ներկայութիւնս Լիբանանին համար աւելի նպաստաւոր է, որովհետեւ անոնք վստահութիւն ունին իմ եւ հայրենիքը փրկելու իմ վճռակամութեանս վրայ: Օր մը օրանց պատասխանատուութենէ չեմ խուսափած, այլ` մինչեւ վերջ յանձնառու եղած եմ անոր», ըսաւ նախագահ Աուն:

Փտածութեան դէմ պայքարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ պայքարը կ՛ըլլայ օրէնքներու գործադրութեամբ, «եւ իբրեւ սկզբնաքայլ որոշուեցաւ Կեդրոնական դրամական հաշիւները ենթարկել իրաւական հաշուեքննութեան: Նման հաշուեքննութիւն պիտի գործադրուի նաեւ պետական այլ հաստատութիւններու մէջ: Ոսկեայ տարազը  հաշուեքննութիւնն է, պատասխանատուութիւններու ճշդումն ու պատժական տնօրինումը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք կ՛ընդունի, թէ կան որոշ դժուարութիւններ` բարեկարգումներու գործադրութեան առումով, «որովհետեւ կարգ մը քաղաքական ղեկավարութիւններուն մօտ կայ մտայնութիւն մը, որ բարեկարգելու աշխատանքս կը բարդացնէ: Բայց եւ այնպէս պիտի շարունակեմ պայքարիլ` իրականացնելու համար բարեկարգումները եւ վերացնելու համար անոր դիմաց ծառացող բոլոր խոչընդոտները», աւելցուց նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ իր ընտանիքի անդամներէն ոչ ոք փտածութեան մեղսակից է, «իսկ եթէ կայ նման պարագայ, ապա զայն հետաքննութեան կը փոխանցեմ», շեշտեց ան:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան մասին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք նախանձախնդիր կը մնայ հաշուեքննութեան ենթարկելու այն բոլորը, որոնց բացթողումներուն իբրեւ հետեւանք այդ պայթումը պատահած է: «Երբ բոլորը կ՛ըսեմ, ոչ մէկ բացառութիւն ի մտի ունիմ, ինչքան ալ բարձր ըլլան յանցագործներուն պաշտօնները», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ տուժողներու ընտանիքներուն հատուցումները, ինչպէս նաեւ հետաքննութեան արդիւնքները ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուին:

«Կարեւորը այն է, որ գիտնանք ամոնիոմ նայթրէյթը ինչպէ՞ս հասած է Պէյրութի նաւահանգիստ եւ ինչո՞ւ 2013-էն ի վեր հոն մնացած է», նշեց նախագահ Աուն:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 14,935-ի, Մահուան Պարագաներունը` 146-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 4133-ի

Յաջորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միլիոնաւոր Տոլարի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանին

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.