Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կատարող Լիբանանցի Եւ Ֆրանսացի Բանակայիններուն Պիտի Միանան Նաեւ Իտալացիները

August 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ նոր վարչապետի նշանակման հոլովոյթը կը գտնուի սպասման վիճակի մէջ, Էլիզէի պալատը կը հաստատէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2020-ին պիտի այցելէ Լիբանան:

Միւս կողմէ, օտար պետութիւններու կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած զօրակցութեան շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան Լիբանան այցելեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շեմփէյնը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Շեմփէյն դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի եւ Լիբանանի մէջ քանատական դեսպանատան գործակատար Կրեկ Քալիքանի կողմէ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Շեմփէյն ցաւ յայտնեց Ուեհպէին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աղէտին առումով եւ Քանատայի պետութեան ու ժողովուրդին զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրը, որմէ խնդրեց արագացնել պայթումին պատճառած վնասներու գնահատման աշխատանքը, յատկապէս` բնակուած թաղամասերուն պարագային, որպէսզի կարելի ըլլայ անմիջապէս օժանդակել ժողովուրդին:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութեան ծիրին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ հարցաքննեց Պէյրութի նաւահանգիստի չորս պաշտօնեաներ, որոնք են` Սամեր Ռաատ` նաւահանգիստի գործառնութիւններու տնօրէն, Մոհամետ Զիատ Աուֆ` նաւահանգիստի ապահովութեան պետ, Էլիաս Շահին եւ Խալետ Խաթիպ` Մաքսատան աւագ աժիւտաններ:

Դատաւոր Սուուան անոնց դէմ բերման գիրեր հրապարակեց: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով ցարդ 16 ամբաստանեալներ կան, իսկ երեք ուրիշներ պիտի հարցաքննուին վաղը` ուրբաթ, 28 օգոստոսին:

Հետաքննութեան կողքին լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակայիններ, որոնք կը հետեւին նաւահանգիստի հետաքննութիւններուն, երէկ յայտնեցին, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Լիբանան պիտի հասնի իտալական ջոկատ մը, որ պիտի օժանդակէ հետաքննութեան` նաւահանգիստին հանդիպակաց կողմէն:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը իրենց կարգին հաստատեցին, որ պայթումին 23-րդ օրն ըլլալով իրենք տիւ ու գիշեր կը շարունակեն փրկարար եւ որոնողական աշխատանքները, որպէսզի կարենան գտնել բոլոր անյայտ կորսուածները:

Նշենք, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Պէյրութի աղէտի գօտիի շրջանը` ծանօթանալով պայթումին գործած հսկայական աւերներուն:

Ռայի պատրիարքը այցելեց Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցին, Ֆրերներու դպրոցը, Ուարտիէ հիւանդանոցը, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան վանքը, Մար Մխայել փողոցը, Մար Մխայելի եկեղեցին եւ Պէյրութի հրշէջներու կեդրոնը:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հանդէպ չեն կրնար վերաբերիլ իբրեւ փոքր միջադէպ մը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի շտապի կառավարութեան` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն, «սակայն անոնց կողմէ արձանագրուելիք անկարողութեան եւ բացթողումներուն պարագային, պիտի ուղղուինք միջազգային դատարանին», շեշտեց ան:

Նախորդը

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Յաջորդը

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Հասան Այցելեցին Մոհամետ Աթուիի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.