Լիբանանեան

Վարչապետ Ատիպ Այսօր Նախագահ Աունին Կը Յանձնէ Կառավարութեան Նոր Կազմը

Վարչապետ Ատիպ Այսօր Կ՛այցելէ Հանրապետութեան Նախագահին

Կառավարութեան կազմութեան նպատակով ի գործ դրուած ճիգերուն շրջագիծին մէջ, վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ այսօր կէսօրին պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ պիտի քննարկէ երէկուան իր հանդիպումին արդիւնքները: Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ ետք վարչապետ Ատիպ ընդունեց խորհրդարանի նախագահի քաղաքական օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլն ու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլը, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան մէջ ելեւմուտքի նախարարին...

Պաապտայի Ապահովական Նիստը Քննարկեց  Ապօրինի Գաղթականութիւնը Արգիլելու  Միջոցներն Ու Կարելիութիւնները

Պաապտայի Ապահովական Նիստը Քննարկեց Ապօրինի Գաղթականութիւնը Արգիլելու Միջոցներն Ու Կարելիութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ 2020-ի պետական ամավարկին մէջ 100 միլիառ լ. ոսկիի արտակարգ պայմանագիր մը կը բացուի, որպէսզի կարելի ըլլայ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն նիւթական հատուցումները կատարել` հիմնուելով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մշակած գործիքակազմին եւ ճշդած առաջնահերթութիւններուն վրայ: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն...

Մաժզուպ. «Պետական Եւ Սեփական Դպրոցներուն  Վերամուտը Յետաձգուեցաւ 12 Հոկտեմբեր 2020-ին»

Մաժզուպ. «Պետական Եւ Սեփական Դպրոցներուն Վերամուտը Յետաձգուեցաւ 12 Հոկտեմբեր 2020-ին»

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 32.805-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 329-ի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 32.805-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1027 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 1006-ը` տեղացիներ, իսկ 21-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 329 պարագաներ մահացած են:     Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Դրական  Մթնոլորտ Կայ, Եւ Մենք Կը Զօրակցինք  Ֆրանսական Նախաձեռնութեան»  Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Դրական Մթնոլորտ Կայ, Եւ Մենք Կը Զօրակցինք Ֆրանսական Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Խալիլ ըսաւ. «Ինչպէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած է, մենք անշեղ կը մնանք մեր յանձնառութենէն` ֆրանսական նախաձեռնութիւնը ամբողջական կերպով յաջողցնելու առումով: Մենք պատրաստ ենք գործադրելու բարեկարգումները: Կառավարութեան կազմութեան առումով դրական մթնոլորտ...

Աքր Մասնակցեցաւ Պաապտայի Ապահովական  Նիստին Եւ Այցելեց Այն Թինէ

Աքր Մասնակցեցաւ Պաապտայի Ապահովական Նիստին Եւ Այցելեց Այն Թինէ

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր երէկ մասնակցեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ գումարուած ապահովական նիստին, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն: Նիստին ներկայ գտնուեցան հրաժարած կառավարութեան վարչապետ Հասսան Տիապ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետեր: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կացութիւնը եւ լիբանանեան ջուրերէն դէպի այլ երկիրներ ապօրինի կերպով գաղթելու երեւոյթը: Քննարկուեցան այն միջոցները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին ամերիկեան օժանդակութիւնը կը կատարուի Հըզպալլայի ահաբեկչութեան դէմ ամերիկեան վարչակազմին ճշդած ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ: Հէյլ շեշտեց, որ երբ լիբանանցի ղեկավարները յանձնառու մնան կատարուելիք փոփոխութիւններուն, ապա Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ օժանդակութիւնները պիտի մատուցեն Լիբանանին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ...

Աուն. «Կառչած Կը Մնանք Լիբանանի Ծովային Սահմաններուն Եւ Անոնց Մէջ Գտնուող Բնական Հարստութեան»

Աուն. «Կառչած Կը Մնանք Լիբանանի Ծովային Սահմաններուն Եւ Անոնց Մէջ Գտնուող Բնական Հարստութեան»

ՄԱԿ-ի 75-րդ Ընդհանուր Ժողովին Նախագահ Աուն Լիբանանի Խօսքը Արտասանեց Առցանց Տեսակապով Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին առցանց տեսակապով արտասանեց Լիբանանի խօսքը` ՄԱԿ-ի 75-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին, աշխարհի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն Պէյրութի եւ լիբանանցիներուն օժանդակութեան փութալնուն համար` 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին պատճառած աղէտէն...

Վարչապետ Տիապ Նախագահեց Ելեւմտական Հարցերու Յատուկ Նիստի Մը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը` Ձգձգումի Եւ Արգելակումի Ենթակայ

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը մինչեւ երէկ ուշ գիշեր մնաց ձգձգումի եւ արգելակումի ենթակայ: Երէկ կէսօրէ ետք վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ատիպ նախանձախնդիր է կազմելու բոլոր լիբանանցիները գոհացնող առաքելութեան կառավարութիւն մը, որ պիտի գործադրէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, այլ խօսքով` տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումները, որոնց գործադրութեան շուրջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայնեցան: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ատիպ այսքան...

Այն Թինէի Մէջ.   «Համաներման Օրէնքը Ընդգրկուած Է Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին Օրակարգին Մէջ»  Շեշտեց Ֆըրզլի

Այն Թինէի Մէջ. «Համաներման Օրէնքը Ընդգրկուած Է Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին Օրակարգին Մէջ» Շեշտեց Ֆըրզլի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի միացեալ վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա: Նիստէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ճշդած են...

Անսարի Վեթերաններու Միութիւնը Շնորհակալական Այցելութիւն Մը Տուաւ Օհանեան-Գէորգեանի

Անսարի Վեթերաններու Միութիւնը Շնորհակալական Այցելութիւն Մը Տուաւ Օհանեան-Գէորգեանի

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Անսարի վեթերաններու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` Լիբանանի ֆութպոլի զոհուած աստղ Մոհամետ Աթուիի ծնողքին զօրակցելու առիթով: Միութեան նախագահ Զիատ Ֆահհամ պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` Մոհամետ Աթուին հայրենիքի նահատակներէն եւ հերոսներէն մէկը նկատելու իր ռահվիրայի դերակատարութեան համար: Ֆահհամ նշեց, որ ատիկա իրաւունք է բոլոր...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 31.778-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 328-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 31.778-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 328-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 31.778-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 940 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 923-ը` տեղացիներ, իսկ 17-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 328 պարագաներ մահացած են: Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ շեշտեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը արձանագրեց մեծ յաւելում: Ապիատ նշեց,...

«Վառելանիւթի Զօրակցութեան Կասեցումը Ընկերային Աղէտ Պիտի Պատճառէ»   Շեշտեց Ֆատի Ապու Շաքրա

«Վառելանիւթի Զօրակցութեան Կասեցումը Ընկերային Աղէտ Պիտի Պատճառէ» Շեշտեց Ֆատի Ապու Շաքրա

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան երէկ հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 100 լ. ոսկիով նուազած է, տիզըլը` 400 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 300 լ. ոսկիով: Միւս կողմէ, վառելանիւթ բաժնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ պենզինի տագնապ գոյութիւն չունի, այլ` պենզինի սակաւութիւն` Կեդրոնական դրամատան կողմէ գումարներ չտրամադրելու պատճառով: Ապու Շաքրա հաստատեց, որ պետութեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որ զօրակցութիւն յայտնեց անոր յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքին եւ դատապարտեց Ռայի պատրիարքին դէմ մղուած արշաւը: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Լամիա Եամմինը, որուն հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկի հատուցումները յանձնելու կարելիութիւնները: Ուազնի շեշտեց ընկերային ապահովութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը` խոստանալով Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկի անդամներուն...

Կառավարութեան Կազմութեան Հարցով Նախագահ Աունի Առաջարկին Իբրեւ Պատասխան Երէկ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զարգացումներ

Կառավարութեան Կազմութեան Հարցով Նախագահ Աունի Առաջարկին Իբրեւ Պատասխան Երէկ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զարգացումներ

Մեկնելով կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ իր յանձնառութենէն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց առաջարկ մը, որուն հիման վրայ հաստատեց, որ կարելի չէ երեսփոխանական պլոքները հեռու պահել կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններէն, որովհետեւ ի վերջոյ անոնք են, որոնք խորհրդարանին մէջ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկրին սահմանադրութեան մէջ չէ նշուած այս...

Նախագահ Աուն Հետապնդեց Պէյրութի Վերաշինութեան Եւ Հատուցումներու Տրամադրութեան Աշխատանքները

Նախագահ Աուն Հետապնդեց Պէյրութի Վերաշինութեան Եւ Հատուցումներու Տրամադրութեան Աշխատանքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց զոյգ նիստերու` հետեւելու համար վարչութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքներուն: Առաջին նիստին ներկայ գտնուեցան հրաժարած կառավարութեան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով...

Օհանեան-Գէորգեան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Մոհամետ Աթուիի Ընտանիքին

Օհանեան-Գէորգեան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Մոհամետ Աթուիի Ընտանիքին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի Հարուֆ գիւղաքաղաքը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի ֆութպոլի զոհուած աստղերէն Մոհամետ Աթուիի ծնողքին: Վ. Օհանեան-Գէորգեանի ընկերակցեցան նախարարութեան մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատուներէն Ֆատիա Հալալ եւ Մոհամետ Օուէյտաթ: Այցելութեան ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ Աթուիի զոհուիլը խոր վիշտի մատնած է զիրենք, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան երիտասարդ մըն է, որ իր կեանքը նուիրած...

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

  Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին պիտի սերտուին շարք մը օրէնքներ, որոնց շարքին` համաներման օրէնքը: Միւս կողմէ, Պըրրի լրջօրէն հետեւեցաւ բանտերու եւ բանտարկեալներու իրավիճակին` «Քորոնա» ժահրի տարածումին լոյսին տակ: Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին պլոքի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան, ինչպէս նաեւ...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Բոլոր Լիբանանցի Ղեկավարները Պէտք Է Կառչած Մնան Ազգային Միասնականութեան Ուխտին»  Շեշտեց Սինիորա

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Բոլոր Լիբանանցի Ղեկավարները Պէտք Է Կառչած Մնան Ազգային Միասնականութեան Ուխտին» Շեշտեց Սինիորա

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն դժուար պայմանները` յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմտական քայքայումի, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի աղքատացումին առումով: «Այս իրավիճակին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին աղէտը, «Քորոնա»-ի համաճարակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած մեկուսացումը եւ արաբ...

Տել Քոլ. «Իսրայէլեան Ուժերէն Պահանջեցի Վերջ Տալ Լիբանանի Վերեւ Անոնց Գործած Թռիչքներուն»

Տել Քոլ. «Իսրայէլեան Ուժերէն Պահանջեցի Վերջ Տալ Լիբանանի Վերեւ Անոնց Գործած Թռիչքներուն»

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ստանձնած խաղաղապահ առաքելութեան մանրամասնութիւնները: Տիմանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Տել Քոլ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ իր աշխատանքները կը համադրէ լիբանանեան բանակին հետ եւ կը ջանայ ամրապնդել անոր կարողութիւնները: Ռայի պատրիարքը իր կարգին բարձր...

Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Այն Քանա Գիւղաքաղաքը

Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Այն Քանա Գիւղաքաղաքը

Երէկ յետմիջօրէին ուժգին պայթում մը ցնցեց հարաւային Լիբանանի Այն Քանա գիւղաքաղաքը: Առաջին ժամերուն ընթացքին պայթումին պատճառներուն մասին ոչինչ յստակ դարձաւ: Երեկոյեան ժամը 6:30-ին լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Այն Քանայի շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում մը արձանագրուած է, եւ այդ պայթումին պատճառները գիտնալու իմաստով հետաքննութիւն բացուած է: «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, պայթումը արձանագրուած է Հըզպալլայի պատկանող բնակարանի...

Page 461 of 988 1 … 460 461 462 … 988

Արխիւներ