Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հարցով Նախագահ Աունի Առաջարկին Իբրեւ Պատասխան Երէկ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զարգացումներ

Սեպտեմբեր 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեկնելով կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ իր յանձնառութենէն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց առաջարկ մը, որուն հիման վրայ հաստատեց, որ կարելի չէ երեսփոխանական պլոքները հեռու պահել կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններէն, որովհետեւ ի վերջոյ անոնք են, որոնք խորհրդարանին մէջ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկրին սահմանադրութեան մէջ չէ նշուած այս կամ այն նախարարութեան որոշ համայնքի մը սեփականութիւնը ըլլալուն մասին:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց դէպի քաղաքացիական պետութիւն ուղղուելու առաջին քայլը առնելու` ջնջելով ուժային նախարարութիւններուն համայնքային բաժանումը ճշդող դրութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ ուժային նախարարութիւնները որոշ համայնքներու պիտի չյատկացուին, այլ պէտք է հասու ըլլան բոլոր համայնքներուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ նշանակուած վարչապետը չորս անգամ այցելած է Պաապտա, սակայն կառավարութեան կազմի ոչ մէկ պատկերացում ներկայացուցած է իրեն` ո՛չ նախարարութիւններու եւ ո՛չ ալ հաւանական նախարարներու առումով:

«Վարչապետը չի փափաքիր երեսփոխանական պլոքներուն կարծիքը առնել եւ կ՛առաջարկէ ամբողջական հերթափոխութիւն կատարել, իսկ Ազատագրում եւ բարգաւաճում ու Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքները կառչած կը մնան ելեւմուտքի նախարարութեան եւ շիի նախարարներուն նշանակումին: Միայն սահմանադրութեան հիման վրայ մեր համաձայնութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը մեզի պիտի մղէ կայունութիւն եւ բարգաւաճում հաստատելու», շեշտեց նախագահ Աուն:

Անդրադառնալով Մար Մխայէլի համաձայնութիւնը խախտելու հարցին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ նման պահանջ չկայ` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը չ՛արգիլեր, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իր կեցուածքին մասին յայտնէ, երբ որոշ հարցի մը շուրջ համախոհութիւն չըլլայ:

Պէտք է աւելցնել, որ նախագահ Աուն լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով ըսաւ, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի դժոխք, այլ խօսքով` դէպի վտանգաւոր եւ անկումային փուլ:

Այս առաջարկին իբրեւ պատասխան երէկ երեկոյեան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք որոշած է վարչապետ Ատիպին օժանդակել, որպէսզի ան ելք մը գտնէ` շիի համայնքէն անկախ ելեւմուտքի նախարարի նշանակման նպատակով:

Հարիրի հաստատեց, որ այս որոշումը առանձինն տուած է` առանց նախկին վարչապետներուն կարծիքը հարցնելու` աւելցնելով, որ ոմանք այս որոշումը կրնան քաղաքական անձնասպանութիւն նկատել:

Հարիրի հաստատեց, որ իր տուած այս որոշումը մէկ անգամուան համար է եւ չի նկատուիր ուխտ մը, որուն հիման վրայ պիտի կազմուին ապագայ կառավարութիւնները:

Շիի երկեակին աղբիւրները «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը մէկ քայլ առաջ է, սակայն հարցը տակաւին իր աւարտին չէ հասած:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնեցին, որ եթէ Հարիրիի առաջադրանքը պիտի նպաստէ կառավարութեան կազմութեան թնճուկի հանգուցալուծման, ապա իրենք հարց չունին:

Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ ընդգծեցին, որ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը անձնական է, եւ իրենք ստիպուած չեն անոր յանձնառու ըլլալու:

Աւելի ուշ, որոշ աղբիւրներ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ շիի երկեակը Հարիրիէն հեռացուց թոյնի բաժակը, որ անոր դաշնակիցները կ՛ուզէին անոր խմցնել:

Նշենք, որ վարչապետ Ատիպ նախանցեալ առաւօտեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը պէտք է անմիջապէս յաջողցնել` դիւրացնելով կառավարութեան կազմութիւնը, «իսկ կառավարութիւնը պիտի կազմուի մասնագէտներէ, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան երկրին քայքայումը կասեցնել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով շիի երկեակին մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ անոնք ելեւմուտքի նախարարութենէն պիտի չհրաժարին` նոյնիսկ 100-ամեակ մը ետք:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հետապնդեց Պէյրութի Վերաշինութեան Եւ Հատուցումներու Տրամադրութեան Աշխատանքները

Յաջորդը

Շնորհաւորանքներ` Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 29-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?