Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին պիտի սերտուին շարք մը օրէնքներ, որոնց շարքին` համաներման օրէնքը:
Միւս կողմէ, Պըրրի լրջօրէն հետեւեցաւ բանտերու եւ բանտարկեալներու իրավիճակին` «Քորոնա» ժահրի տարածումին լոյսին տակ:
Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին պլոքի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Պիլալ Ապտալլա եւ Ֆայսալ Սայեղ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, հիմնականին մէջ` համաներման օրէնքին, պետական դպրոցներուն եւ արտերկրի մէջ լիբանանցի ուսանողներուն ամերիկեան տոլար փոխանցելու հարցերը:
Ապուլ Հասան յայտնեց, որ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ խորհրդակցութիւնները առկայ են` աւելցնելով, որ իրենք Պըրրիի հետ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը չեն քննարկած: