Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որ զօրակցութիւն յայտնեց անոր յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքին եւ դատապարտեց Ռայի պատրիարքին դէմ մղուած արշաւը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Լամիա Եամմինը, որուն հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկի հատուցումները յանձնելու կարելիութիւնները: Ուազնի շեշտեց ընկերային ապահովութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը` խոստանալով Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկի անդամներուն հատուցումները կատարել եւ անոնց շահերը պաշտպանել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հակառակորդներուն կամ դաշնակիցներուն գոհ պահելով չէ զբաղած, որովհետեւ անոր համար Լիբանան հայրենիքին շահերը ամէն բանէ վեր են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ իրենք կ՛ողջունեն որեւէ նախաձեռնութիւն, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ դիւրացնել կառավարութեան ծնունդը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին «Պարտականութեան» կառավարութեան կազմութեան, սակայն կը մերժեն զիրենք ջնջելու փորձերը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ինք խորհրդարան ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որուն համաձայն, բանտարկութիւնը ամբողջացուցած յանցագործներուն տուրքերը կը ջնջուին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի անդամ, երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ շիի երկեակին կողմէ ելեւմուտքի նախարարութեան կառչածութիւնը կ՛արգելակէ բարեկարգումը, ինչպէս նաեւ կը հարուածէ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի Աքքարի պատասխանատու Խալետ Թահա յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած փրկութեան նախաձեռնութիւնը հայրենիքի բարիքին համար է եւ ոչ թէ կուսակցութիւններուն կամ համայնքներուն:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Յաջորդը

«Վառելանիւթի Զօրակցութեան Կասեցումը Ընկերային Աղէտ Պիտի Պատճառէ» Շեշտեց Ֆատի Ապու Շաքրա

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.