Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 20,442-ի, Մահուան Պարագաներունը`  212-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 7024-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 30.838-ի, Մահուան Պարագաներունը` 2091-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 12.878-ի

Հասան Կ՛առաջարկէ Երկու Շաբթուան Համար Ամբողջութեամբ Փակել Երկիրը   Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 30.838-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 851 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 841-ը տեղացիներ, իսկ 10-ը Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 291 պարագաներ մահացած են, իսկ 12.878 ուրիշներ` ապաքինած: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իրաւունք ունի, երբ կ՛ըսէ, թէ ուժային նախարարութիւնները պէտք է ստանձնեն աւելի քիչ թիւ ունեցող համայնքները: ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին հետ: Մաալուֆ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին քրիստոնեայ փողոցին մէջ կացութիւնը հանդարտ պահելու: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին առիթով, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբերին:

Մէկ Օրուան Մէջ 1006 Վարակուածներու Լոյսին Տակ.   Նախարար Համատ Հասան Կը Զգուշացնէ` Վտանգաւոր Կացութենէն Առաջարկելով Երկու Շաբաթով «Փակել» Երկիրը

Մէկ Օրուան Մէջ 1006 Վարակուածներու Լոյսին Տակ. Նախարար Համատ Հասան Կը Զգուշացնէ` Վտանգաւոր Կացութենէն Առաջարկելով Երկու Շաբաթով «Փակել» Երկիրը

«Քորոնա» ժահրի համավարակը կը շարունակէ նորանոր մահեր հնձել Լիբանանէն` ահազանգային վիճակի մատնելով պատասխանատուները: Արդարեւ, շաբաթավերջին 11 նոր մահերու եւ 1006 վարակուածներու արձանագրութիւնը ցնցիչ մրցանիշ մը եղաւ այս գծով` անցնող փետրուարէն ի վեր վարակումի առաւելագոյն թիւով: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան զգուշացուց եւ առաջարկեց երկու շաբաթով «փակել» երկիրը ընդհանուր: Ան քննադատեց այն կարգ մը լիբանանցիներն ու քաղաքացիները, որոնք պահանջուած լրջութեամբ չեն...

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Ներքին Թէ Արտաքին Կողմերու Առանցքային Առաջնահերթութիւն

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Ներքին Թէ Արտաքին Կողմերու Առանցքային Առաջնահերթութիւն

31 օգոստոս 2020-ին, Պերլինի մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակումէն ի վեր Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը առանցքային կարեւորութիւն ստացած է ներքին թէ արտաքին շրջանակներու մօտ, յատկապէս մեկնելով այն մտավախութենէն, թէ թափուր վարչամեքենայի ձգձգումը կրնայ պարարտ հող ստեղծել նոյնինքն Լիբանանի ընդհանուր վարչաձեւի բնոյթին վերանայման: Փաստօրէն, այս հաւանականութիւնը մէկէ աւելի առիթներով շեշտուեցաւ լիբանանեան թէ միջազգային ղեկավարներու կողմէ: Առաջին հերթին ազդանշանը եկած էր...

Ճեսիքա Պեզճեանի Եւ Տելիա Փափազեանի Մահուանց Քառասունքին Առիթով.   Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան. «Հաշուետուութեան Կանչել Նաւահանգիստի Ոճիրին Պատասխանատուները»

Ճեսիքա Պեզճեանի Եւ Տելիա Փափազեանի Մահուանց Քառասունքին Առիթով. Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան. «Հաշուետուութեան Կանչել Նաւահանգիստի Ոճիրին Պատասխանատուները»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ կոչ ուղղեց` հաշուետուութեան կանչելու Պէյրութի նաւահանգիստի ոճիրին պատասխանատուները եւ խստագոյն պատժամիջոցներ տնօրինել անոնց դէմ: Պայթումի զոհերէն` Ճեսիքա Պեզճեանի եւ Տելիա Փափազեանի մահուանց քառասունքին առիթով Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին երեսփոխան Թերզեան պահանջեց հաշուետուութեան կանչել նաւահանգիստի ոճիրին պատասխանատուները: «Մենք կորսնցուցինք թանկագին անձեր, որոնց առյաւէտ բաժանումին ոչ մէկ...

«Քորոնա»-ի Մեծապէս Աճող Թիւի Լոյսին Տակ, Կրթական Վերամուտի Թուականը ` Անորոշ

«Քորոնա»-ի Մեծապէս Աճող Թիւի Լոյսին Տակ, Կրթական Վերամուտի Թուականը ` Անորոշ

Հակառակ բարձրագոյն կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպի յայտարարութեան, թէ կրթական վերամուտը սեպտեմբերի աւարտին է, «Քորոնա» ժահրի վարակուածներու թիւին զգալի աճը որոշ չափով խանգարեց անոր հաշիւները եւ զինք մղեց վերատեսութեան ենթարկելու իր տուած որոշումը: Այս գծով կրթական` պետական թէ սեփական մարզի պատասխանատուներ մտահոգութիւն յայտնած էին նշուած ժամկէտի յարգումին եւ գործադրութեան գծով, նախ` դպրոցներու անպատրաստ ըլլալն ու երկրորդ` «Քորոնա» ժահրի վտանգին սաստկացումը...

Լիբանանեան Ընկերութիւններու Արձագանգը` Ընդդէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Լիբանանեան Ընկերութիւններու Արձագանգը` Ընդդէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

«Մէամար Քոնսթրաքշըն» ընկերութեան տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը արձագանգեց իրենց դէմ սահմանուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն: Տնօրէնութիւնը բացատրեց, որ լիբանանեան ճարտարապետական այս ընկերութիւնը արտօնագրուած է 1988-էն ի վեր եւ դասակարգուած է ըստ Լիբանանի մէջ գործող օրէնքներուն: Ըստ տնօրէնութեան, ընկերութիւնը կը գործէ պետական եւ սեփական մարզերուն մէջ շինարարութեան պայմանագիրներու մարզին մէջ, եւ ծրագիրները կը կատարուին հաստատուած մրցումներու եւ մեքանիզմներու հիման վրայ, եւ լիարժէք թափանցիկութեամբ`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ բանակային տարրեր Պաթրունի ծովեզերեայ բացերուն մօտ  յայտնաբերեցին ապօրինի կերպով  Լիբանանէն գաղթել փորձած նաւաբեկեալներէն մէկուն դիակը: ԵՐԷԿ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ Շուֆի Նահր Համամ շրջանի Ղարիֆէ եւ Տարայա աւանները բաժնող հովիտին մէջ` մեծապէս վնասելով շրջանի ծառերուն ու կանաչութեան: Հրշէջներ փութացին դէպքին վայրը եւ հրդեհը հակակշիռի տակ առին: ԶՈՒՔ Միքայէլի բացերը դիակ մը յայտնաբերուեցաւ երէկ եւ անմիջապէս փոխադրուեցաւ Պուարի պետական հիւանդանոց:...

Նախագահ Աունի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Կայուն Բարգաւաճման Առցանց Վեհաժողովին Ընթացքին

Նախագահ Աունի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Կայուն Բարգաւաճման Առցանց Վեհաժողովին Ընթացքին

Երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի կայուն բարգաւաճման 8-րդ միջազգային առցանց վեհաժողովը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկիրներու նախագահներ եւ ղեկավարներ: Վեհաժողովին նպատակն էր քննարկել «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքները յաղթահարելու ուղիները եւ իրականացնել յառաջիկայ տասնամեակին համար նախատեսուած կայուն զարգացման համար ճշդուած նպատակները: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան, հակառակ իր դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` աշխատելու...

Հանրապետութեան Նախագահին Զանազան Տեսակցութիւնները Եւ Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

Հանրապետութեան Նախագահին Զանազան Տեսակցութիւնները Եւ Մաքրոնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ երէկ նախագահ Աուն ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան դատական, դիւանագիտական եւ քաղաքական հարցեր: Աուն-Նաժըմ Հանդիպում Նախագահ Աուն ընդունեց Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ծանրաբեռնուած բանտերու հարցը լուծելու համար շարք մը բանտարկեալներու յատուկ ներում շնորհելու նիւթը, ինչպէս այդ ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը: Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Դիւանագիտական գետնի վրայ, նախագահ Աուն...

Թերզեան. «Պէտք Է Ստեղծել Յստակ Մեքանիզմներ Եւ Սկսիլ Հատուցում Կատարել Պայթումէն Տուժածներուն»

Թերզեան. «Պէտք Է Ստեղծել Յստակ Մեքանիզմներ Եւ Սկսիլ Հատուցում Կատարել Պայթումէն Տուժածներուն»

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն հարց տուաւ, թէ ո՞ւր են այսօր նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն ամիս մը ետք եւ ի՞նչ կ՛ընեն այն քաղաքացիներուն համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց տուները, սեփականութիւնները: Թերզեան մեղադրեց, որ անոնք կրկին կը դիմեն եւ կ՛ապաւինին մոռացկոտութեան սկզբունքին` կարծելով, որ ատիկա կը լռեցնէ կորուստի ցաւը: Թերզեան անընդունելի նկատեց, որ աղէտէն աւելի քան...

Ժիպէյլ.  Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդասիրական Գիտութիւններու Միջազգային Կեդրոն

Ժիպէյլ. Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդասիրական Գիտութիւններու Միջազգային Կեդրոն

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը հաղորդէ, թէ 18 սեպտեմբերին դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Ժիպէյլի մէջ տեղակայուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդասիրական գիտութիւններու  Միջազգային կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ վերջինիս տնօրէն Տարինա Սալիպա-Ապի Շըտիտի հետ: Ջերմ եւ բարեկամական զրոյցի մը ընթացքին քննարկուեցան մշակութային, կրթական եւ ֆրանսախօսութեան ոլորտին մէջ հետագայ  համագործակցութեան հեռանկարներ: Զրուցակիցները մանրամասնութիւններ քննարկեցին 21 սեպտեմբերին Խաղաղութեան միջազգային օրուան նուիրուած միացեալ ձեռնարկին վերաբերեալ, որ պիտի...

Տիապ Ուեհպէին Եւ Ֆահմիին Յանձնարարեց Ծովուն Մէջ Կորսուած Լիբանանցիներուն Հարցը Հետապնդել

Տիապ Ուեհպէին Եւ Ֆահմիին Յանձնարարեց Ծովուն Մէջ Կորսուած Լիբանանցիներուն Հարցը Հետապնդել

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէին յանձնարարեց անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները կատարել Կիպրոսի իշխանութիւններուն հետ` հետապնդելու ծովուն մէջ Թրիփոլի քաղաքէն կորսուած  լիբանանցիներուն հարցը: Ան միեւնոյն ատեն ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիին յանձնարարեց հարցը հետապնդել ապահովութեան ուժերուն հետ: Տիապ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրէն պահանջեց զոհերու ընտանիքներուն օգնելու կարելիութիւնը ուսումնասիրել:

Ֆութպոլիստ Մոհամետ Աթուի Մահացաւ

Ֆութպոլիստ Մոհամետ Աթուի Մահացաւ

Երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ընտանիքը եւ հարաւային Հարուժ քաղաքի բնակիչները մասնակցեցան լիբանանցի ֆութպոլիստ Մոհամետ Ահմետ Աթուիի թաղման յուղարկաւորութեան: Ան երէկ մահացաւ Մաքասետ հիւանդանոցին մէջ` 21 օգոստոսին Քոլա շրջանին մէջ վիրաւորուելէ ետք պատահական փամփուշտի մը պատճառով: Զոհին հօրեղբայրը ընտանիքին անունով դատական համակարգէն եւ յատկապէս ապահովութեան ուժերէն ու շահագրգիռ կողմերէն պահանջեց լուրջ հետաքննութիւն կատարել այս դժբախտ պատահարին գծով` շեշտելով, որ իրենց զաւակը անարդար...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը եւ կրթական հարցերը: ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:  

Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Ատիպի Հանդիպումին` Յաւելեալ Ժամանակ Տրամադրել Խորհրդակցութիւններու

Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Ատիպի Հանդիպումին` Յաւելեալ Ժամանակ Տրամադրել Խորհրդակցութիւններու

Ըստ նոր նշանակուած վարչապետ Մուսֆաթա Ատիպի մօտիկ աղբիւրներու, վարչապետը յայտնած է, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու մեծ մասին հետ կայացած համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք` իրեն յանձնարարուած է շատ արագ ժամանակամիջոցի մէջ կազմել մասնագէտներէ, ոչ քաղաքական գործիչներէ բաղկացած կառավարութիւն եւ անմիջապէս սկսիլ բարեփոխումներու գործադրութեան: Ըստ վարչապետին, այս հիմամբ գործելու նպատակը ո՛չ մէկ կարծիքի առանձնաշնորհումն է, ոչ ալ լիբանանեան քաղաքական բաղադրիչներէն մէկուն թիրախաւորումը, այլ`...

Ռաուլ Նահմէ. Հացին Տոպրակը 62 Օրուան Համար Պիտի Ըլլայ 1000 Կրամ` 900-ի Փոխարէն»

Ռաուլ Նահմէ. Հացին Տոպրակը 62 Օրուան Համար Պիտի Ըլլայ 1000 Կրամ` 900-ի Փոխարէն»

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նահմէ երէկ միջազգային սննդեղէնի ծրագիրին հետ տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց այդ ծրագիրին` Լիբանանին 12.000 թոն ալիւր նուիրելուն համար: Նախարարի պաշտօնակատարը յայտարարեց, որ ասոր իբրեւ արդիւնք հացին տոպրակը 62 օրուան համար 900 կրամէն պիտի բարձրանայ 1 քիլոյի` 21 սեպտեմբերէն սկսեալ: Ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ալիւրը փուռերուն բաժնելու մեքանիզմի կարգաւորման մասին: «Մենք փուռերուն հետ համաձայնեցանք,...

Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներ` Լիբանանի Մէջ Գտնուող Երկու Ընկերութիւններու Դէմ

Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցներ` Լիբանանի Մէջ Գտնուող Երկու Ընկերութիւններու Դէմ

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչի յայտարարեց, որ OFAC-ը` նախարարութեան պատկանող արտասահմանեան կալուածներու վերահսկողութեան գրասենեակը, պատժամիջոցներ սահմանած է Լիբանանի մէջ հիմնուած Arch Consulting եւ Meamar Construction ընկերութիւններու նկատմամբ` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը պատկանին Հըզպալլայի կամ անոր վերահսկողութեան ենթակայ են: Սառեցուած են նաեւ սեփականութիւնները եւ շահերը գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ Սուլթան Խալիֆա Ասաատի, որ սերտ կապեր ունի երկու ընկերութիւններուն հետ: Մնուչ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 20,442-ի, Մահուան Պարագաներունը`  212-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 7024-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 26.768-ի, Մահուան Պարագաներունը` 263-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 10.217-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 26.768-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 685 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 669-ը` տեղացիներ, իսկ 16-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Մահացած են 4 նոր պարագաներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 263 պարագաներ մահացած են, իսկ 10.217 ուրիշներ` ապաքինած: Սրահները, խաղավայրերը, հանրային պարտէզները բանալու նոր որոշում Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց...

Page 462 of 988 1 … 461 462 463 … 988

Արխիւներ