Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան-Գէորգեան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Մոհամետ Աթուիի Ընտանիքին

September 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի Հարուֆ գիւղաքաղաքը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի ֆութպոլի զոհուած աստղերէն Մոհամետ Աթուիի ծնողքին:

Վ. Օհանեան-Գէորգեանի ընկերակցեցան նախարարութեան մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատուներէն Ֆատիա Հալալ եւ Մոհամետ Օուէյտաթ:

Այցելութեան ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ Աթուիի զոհուիլը խոր վիշտի մատնած է զիրենք, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան երիտասարդ մըն է, որ իր կեանքը նուիրած է մարմնակրթութեան եւ ֆութպոլին` հեռու մնալով քաղաքականութենէն եւ քաղաքական լարուածութիւններէն:

«Աթուի բարի, պարկեշտ, ընտանիքի զաւակ մըն էր, որ իր ծնողներուն հնազանդ կեանք մը կ՛ապրէր: Խորազգաց ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ձեզի` Աթուիի զոհուելուն առիթով եւ կոչ կ՛ուղղեմ այս թղթածրարին պատասխանատու ապահովութեան ուժերուն` հետեւելու այս դէպքին ծալքերուն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ամբողջ ճշմարտութիւնը քողազերծել, ոճրագործը ձերբակալել ու հաշուետուութեան կանչել: Ապահովութեան ուժերուն կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ ուրախ կամ տխուր առիթներու ընթացքին կրակելը արգիլող օրէնքը գործադրելու», ըսաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ ինք ուրբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հրաժարած կառավարութեան վարչապետ Հասսան Տիապի հետ եւ առաջարկած, որ Մոհամետ Աթուիի նկատմամբ ցուցաբերուի այն վարուելակերպը, ինչ որ կը ցուցաբերուի նահատակ բանակայիններուն նկատմամբ: «Աթուի իր կեանքը նուիրած է մարմնակրթութեան մարզին եւ ան հայրենիքի նահատակ է: Վարչապետ Տիապ ողջունեց առաջարկս եւ անվարան ընդառաջեց անոր: Երէկ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր վարչապետ Տիապի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց եւ ձեզի յայտնեց ձեր ընտանիքին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու պետութեան որոշումը, որ ձեր կողքին կանգնելու նուազագոյն քայլն է», շեշտեց ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան իր խօսքը ուղղելով Մոհամետ Աթուիի մօրը ընդգծեց, որ հեռատեսիլէն հետեւած է անոր խօսքին եւ հմայուած անոր հաւատքով, քաջութեամբ եւ մայրութեամբ: «Աստուած Մոհամետի հոգին լուսաւորէ եւ ձեզի` քեզի եւ Մոհամետի հօր մխիթարութիւն ու համբերութիւն պարգեւէ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հետապնդեց Պէյրութի Վերաշինութեան Եւ Հատուցումներու Տրամադրութեան Աշխատանքները

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.