Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը` Ձգձգումի Եւ Արգելակումի Ենթակայ

Սեպտեմբեր 24, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը մինչեւ երէկ ուշ գիշեր մնաց ձգձգումի եւ արգելակումի ենթակայ:

Երէկ կէսօրէ ետք վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ատիպ նախանձախնդիր է կազմելու բոլոր լիբանանցիները

գոհացնող առաքելութեան կառավարութիւն մը, որ պիտի գործադրէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, այլ խօսքով` տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումները, որոնց գործադրութեան շուրջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայնեցան:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ատիպ այսքան ատեն լուռ մնացած է` գիտակցելով իր ստանձնած մեծ պատասխանատուութեան, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահին հետ խորհրդակցաբար կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութեան:

Ատիպ վերահաստատեց, որ յանձնառու կը մնայ ատակ անձնաւորութիւններէ եւ մասնագէտներէ կառավարութիւն մը կազմելու իր սկզբունքներուն, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը արժանանայ արաբական եւ միջազգային հասարակութիւններու վստահութեան:

Ատիպ ընդգծեց, որ այդ վստահութիւնը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին արտաքին օժանդակութիւններ ապահովելով` անոր տնտեսութիւնը փրկել:

Ան յոյս յայտնեց, որ բոլորը կը գործակցին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը ապահովելու եւ հայրենիքը փրկելու համար:

Ապա այլ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ նախագահական պալատէն:

Պաապտայի հաղորդագրութիւնը կը նշէր, թէ սահմանադրութեան 53-րդ եւ 64-րդ յօդուածներուն համաձայն, հանրապետութեան նախագահը վարչապետին հետ համաձայնաբար կը հրապարակէ կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրը:

«Վարչապետը կը կատարէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնը, իսկ հանրապետութեան նախագահը կը ստորագրէ նոր կառավարութեան կազմին հրամանագիրը: Հանրապետութեան նախագահը ուղղակիօրէն առնչակից է կառավարութեան կազմութեան եւ վարչապետին հետ համաձայնաբար կը հրապարակէ կառավարութեան նոր կազմին հրամանագիրը», շեշտուեցաւ Պաապտայի հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի ուշ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումին յաւելեալ ճնշում բանեցնելու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն վրայ, որպէսզի անոնք յարգեն իրենց խոստումն ու յանձնառութիւնը եւ կառավարութիւն մը կազմեն:

Լը Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանան նիւթական ոչ մէկ օժանդակութիւն պիտի ստանայ` առանց բարեկարգումները իրագործելու:

«Լիբանանի ապագան վտանգի սեմին կը գտնուի, եւ առանց բարեկարգումներու` միջազգային նիւթական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրուի Լիբանանին», շեշտեց Լը Տըրիան:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէր, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը ողջունելի է, եւ կոչ կ՛ուղղէր լիբանանցի ղեկավարներուն արժեւորելու բաց գործակցութեան այս տրամադրութիւնը եւ անմիջապէս կազմելու

առաքելութեան կառավարութիւնը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին արժեւորեց Հարիրիի նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա համաձայնութեան հսկայ առիթ մըն է, ինչպէս նաեւ կը դիւրացնէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի պարտականութիւնը:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ յայտնեց, որ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը նոր կառավարութեան կազմութեան ճամբայ բացած է, իսկ Լիբանանի մնացեալ ղեկավարները իրենց կարգին պէտք է դրական կերպով վարուին:

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Համաներման Օրէնքը Ընդգրկուած Է Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին Օրակարգին Մէջ» Շեշտեց Ֆըրզլի

Յաջորդը

Աուն. «Կառչած Կը Մնանք Լիբանանի Ծովային Սահմաններուն Եւ Անոնց Մէջ Գտնուող Բնական Հարստութեան»

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?