Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Ապահովական Նիստը Քննարկեց Ապօրինի Գաղթականութիւնը Արգիլելու Միջոցներն Ու Կարելիութիւնները

September 25, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ 2020-ի պետական ամավարկին մէջ 100 միլիառ լ. ոսկիի արտակարգ պայմանագիր մը կը բացուի, որպէսզի կարելի ըլլայ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն նիւթական հատուցումները կատարել` հիմնուելով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մշակած գործիքակազմին եւ ճշդած առաջնահերթութիւններուն վրայ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Անթուան Սալիպա, նախագահ Աունի ապահովական եւ զինուորական հարցերու խորհրդատու գնդապետ-զօրավար Պուլոս Մաթար եւ լիբանանեան ծովուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հայսամ Տաննաուի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ապօրինի գաղթականութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս Թրիփոլիէն ծովու ճամբով Կիպրոս ուղղուող գաղթականներու հարցը եւ նմանատիպ դէպքերու արձանագրած աճն ու անոնց պատճառած զոհերը, որոնք բոլոր տարիքներէ են:

Նախագահ Աուն ընդգծեց այս հարցն ու անոր տուն տուող պատճառները լուծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պայքարելու նման ապօրինի դրութեամբ գաղթեր կազմակերպող ցանցերու դէմ:

Տիապ իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց, որ ապահովութեան ուժերը կարելի եղածին չափ արագ կերպով համագործակցին եւ վերջ դնեն ապօրինի գաղթականութեան:

 

Նախորդը

Մաժզուպ. «Պետական Եւ Սեփական Դպրոցներուն Վերամուտը Յետաձգուեցաւ 12 Հոկտեմբեր 2020-ին»

Յաջորդը

Սպանիոյ Ծերակոյտը Վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.