Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 31.778-ի, Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 328-ի

September 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 31.778-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 940 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 923-ը` տեղացիներ, իսկ 17-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 328 պարագաներ մահացած են:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ շեշտեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը արձանագրեց մեծ յաւելում:

Ապիատ նշեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ տարածուած է` աւելցնելով, որ հիւանդանոցները տակաւին հիւանդներ ընդունելու իրենց կարողութիւնը չեն կորսնցուցած:

Ապիատ յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան գիտական յանձնախումբը յանձնարարած է երկու շաբթուան համար ամբողջութեամբ փակել երկիրը` ընդգծելով, որ այդ միջոցը կրնայ օգտակար ըլլալ համաճարակը դարձեալ հակակշիռի տակ առնելու եւ վարակուած հիւանդանոցային պարագաները թեթեւցնելու: «Սակայն երկրին իշխանութիւնները չորդեգրեցին այդ յանձնարարականը, իսկ ելեւմտական սուր տագնապ ապրող տնտեսական մարզը ընդդիմացաւ այդ առաջարկին: Միւս կողմէ, ապահովական ուժերը մտավախութիւն յայտնեցին, որ արդէն իսկ տնտեսական ու ընկերային տագնապի ճնշումէն տառապող ժողովուրդը կրնայ յանձնառու չմնալ նման որոշումի մը, ինչպէս էր պարագան վերջին ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին», հաստատեց Ապիատ:

Ան ընդգծեց, որ երկիրը փակելու այլընտրանքը նախազգուշութիւնները խստօրէն պարտադրելու անհրաժեշտութիւնն է` աւելցնելով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարը կը շարունակուի, սակայն խարխափումներով: «Ցաւ ի սիրտ կ՛ըսենք խարխափումներով: Պէտք է մտածել, որ «Քորոնա» ժահրը հարստութիւն, համայնք կամ աշխարհագրութիւն չի ճանչնար, եւ զայն պէտք է նկատել ընկերութեան հաւաքական թշնամին», շեշտեց Ապիատ:

 

 

Նախորդը

«Վառելանիւթի Զօրակցութեան Կասեցումը Ընկերային Աղէտ Պիտի Պատճառէ» Շեշտեց Ֆատի Ապու Շաքրա

Յաջորդը

Անսարի Վեթերաններու Միութիւնը Շնորհակալական Այցելութիւն Մը Տուաւ Օհանեան-Գէորգեանի

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.