Համաներումի Օրէնքի Քննարկումը 20 Հոկտեմբերին Յետաձգելով` Խորհրդարանը Վաւերացուց Կարգ Մը Հրատապ Օրինագիծեր
Խորհրդարանը երէկ` չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին սկսաւ գումարել իր երկօրեայ նիստը` մասնակցութեամբ երեսփոխաններու օրինական մեծամասնութեան: Խօսք առնող երեսփոխաններու կարծիքներու փոխանակումէն ետք ժողովականները վաւերացուցին կարգ մը հրատապ ու կարեւոր օրինագիծեր, որոնք հանրապետութեան նախագահին կողմէ վաւերացուելէ եւ ստորագրուելէ ետք կը դառնան ի զօրու: Այս իմաստով վաւերացուեցաւ «Ուսանողի տոլար»-ին օրինագիծը, ըստ որուն, արտասահման ուսանողներու ծնողներ պիտի կարենան կրթական 2020-2021 տարեշրջանին համար տաս հազար տոլարի...



















