Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքր Մասնակցեցաւ Պաապտայի Ապահովական Նիստին Եւ Այցելեց Այն Թինէ

September 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր երէկ մասնակցեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ գումարուած ապահովական նիստին, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն: Նիստին ներկայ գտնուեցան հրաժարած կառավարութեան վարչապետ Հասսան Տիապ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետեր:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կացութիւնը եւ լիբանանեան ջուրերէն դէպի այլ երկիրներ ապօրինի կերպով գաղթելու երեւոյթը:

Քննարկուեցան այն միջոցները, որոնք պէտք է որդեգրուին` կասեցնելու համար ապօրինի գաղթը, ինչպէս նաեւ պարտականութիւն տրուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան` խորհրդակցելու կիպրական իշխանութիւններուն հետ եւ պէտք եղած քայլերուն դիմելու` գաղթականներու տունդարձին առումով, ինչպէս նաեւ պարտականութիւն տրուեցաւ բացայայտելու այն ցանցերը, որոնք նման տիպի գաղթեր կը կազմակերպեն:

Ապահովական տիպի նիստին ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ ծովային սահմաններու հսկողութիւնը խստացնել:

Նոյն նիստին ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ այլ նիստ մը գումարել` քննարկելու համար բանտերուն մէջ տիրող իրավիճակը, յատկապէս` մեծ թիւով բանտարկեալներու «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն լոյսին տակ:

Աքր այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակը:

Նշենք, որ Աքր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին, որուն նախագահեց յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք այդ նաւահանգիստը վերաշխուժացնելու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստի վերաշինութեան կարելիութիւնները:

Նախորդը

Վերա Եագուպեան. «Անհրաժեշտ Է Զսպել Թուրքիոյ Նկրտումները»

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Դրական Մթնոլորտ Կայ, Եւ Մենք Կը Զօրակցինք Ֆրանսական Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.