Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան երէկ հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 100 լ. ոսկիով նուազած է, տիզըլը` 400 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 300 լ. ոսկիով:
Միւս կողմէ, վառելանիւթ բաժնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ պենզինի տագնապ գոյութիւն չունի, այլ` պենզինի սակաւութիւն` Կեդրոնական դրամատան կողմէ գումարներ չտրամադրելու պատճառով:
Ապու Շաքրա հաստատեց, որ պետութեան կողմէ տրուած բոլոր որոշումները սխալ են եւ կը միտին ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղել:
«Վառելանիւթի զօրակցութիւնը կասեցնելու առումով որեւէ որոշում` երկրին մէջ ընկերային աղէտ պիտի պատճառէ: Թո՛ղ ամերիկեան տոլար ապահովուի եւ պենզինը կարմիր գիծի վերածուի», հաստատեց Ապու Շաքրա:



