Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հետապնդեց Պէյրութի Վերաշինութեան Եւ Հատուցումներու Տրամադրութեան Աշխատանքները

September 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց զոյգ նիստերու` հետեւելու համար վարչութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքներուն:

Առաջին նիստին ներկայ գտնուեցան հրաժարած կառավարութեան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտ, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զինուորականներ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին արձանագրուած հսկայական պայթումին պատճառած քանդումն ու հետեւանքները:

Նիստին ընթացքին ընդգծուեցաւ նախքան ձմեռնամուտը բնակարանային նորոգութեան եւ կառուցումի աշխատանքները աւարտելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տուժած քաղաքացիները հատուցելու կարեւորութիւնը:

Նոյն նիստին ընթացքին նաեւ ընդգծուեցաւ, որ մօտիկ ապագային պիտի հրապարակուի այն հրամանագիրը, որուն հիման վրայ հանրապետութեան նախագահին պահանջով 100 միլիառ լ. ոսկի պիտի տրամադրուի այս նպատակին:

Երկրորդ նիստին ներկայ գտնուեցան Հասսան Տիապ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Անթուան Շքէյր, Մահմուտ Մաքքիէ, ինչպէս նաեւ նախագահի ու վարչապետի ելեւմտական հարցերու խորհրդատուներ Շարպել Քըրտահի եւ Էլիաս Ասսաֆ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ դեղորայքի, ցորենի եւ սննդեղէնի հիմնական տեսականիի զօրակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան նախարարութիւններէն պահանջուեցաւ Կեդրոնական դրամատան հետ իրենց հանդիպումները աւելի յաճախակի դարձնել` այս առումով մշակուած ծրագիրը գործադրելու նպատակով:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով յղեց պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի ուխտին մէջ նշուած գերագոյն սկզբունքներուն, որոնք աշխարհի ժողովուրդներու ձգտումներուն կը համապատասխանեն:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բարեկարգումներ նկատի ունենալու միջազգային այս հաստատութեան աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի անիկա կարենայ աւելի օգտակար դառնալ այլ երկիրներու անոնց համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել:

 

 

Նախորդը

Օհանեան-Գէորգեան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Մոհամետ Աթուիի Ընտանիքին

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հարցով Նախագահ Աունի Առաջարկին Իբրեւ Պատասխան Երէկ Երեկոյեան Արձանագրուեցան Զարգացումներ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.