Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին ամերիկեան օժանդակութիւնը կը կատարուի Հըզպալլայի ահաբեկչութեան դէմ ամերիկեան վարչակազմին ճշդած ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ: Հէյլ շեշտեց, որ երբ լիբանանցի ղեկավարները յանձնառու մնան կատարուելիք փոփոխութիւններուն, ապա Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ օժանդակութիւնները պիտի մատուցեն Լիբանանին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ երեսփոխան Ժան Օպէյտ, որ պատրիարքին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կան 49 վտանգաւոր բեռնարկղեր, որոնք 2009-էն ի վեր կը գտնուին նաւահանգիստին մէջ, եւ որոնց հարցին հետապնդումով ոչ ոք կը զբաղի: Ան շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը բոլոր կողմերը պէտք է ներառէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ այցելեց Հարուֆ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանեան ֆութպոլի զոհուած աստղ Մոհամետ Աթուիի ընտանիքին: Ռաատ շեշտեց, որ իրենք դատական եւ օրինական առումով պիտի հետեւին այդ թղթածրարին, մինչեւ որ յանցագործները ստանան իրենց համապատասխան պատիժը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Քեսրուանի վերեւ թռիչքներ գործեց:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ նախկին վարչապետներուն կողմէ ֆրանսական զօրակցութիւնը շօշափելն ու զայն շահագործելը` մէկզմէկու դէմ, ամօթալի երեւոյթ է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքը հաստատեց, որ նախարարութիւնները այս կամ այն համայնքին սեփականութիւնը չեն, ինչքան ալ այդ համայնքները հզօր ըլլան:

 

 

Նախորդը

Ներգաղթին Կը Հաւատա՞նք

Յաջորդը

Վերա Եագուպեան. «Անհրաժեշտ Է Զսպել Թուրքիոյ Նկրտումները»

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.