Զօր. Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս սահմանային իրավիճակը: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Հետազօտութիւններու եւ բարգաւաճման կրթական կեդրոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց կեդրոնին կողմէ պատրաստուած կրթական աշխատանքներն ու ձեռնարկները, որոնք նուիրուած էին Լիբանանի անկախութեան...


















