Լիբանանեան

Ժահժահ. «Առանց Իրաւական Հաշուեքննութեան  Բարեկարգումի Ոչ Մէկ Գործողութիւն Կը Կատարուի  Կամ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ`  Ոչ Մէկ Հաղորդակցութիւն»

Ժահժահ. «Առանց Իրաւական Հաշուեքննութեան Բարեկարգումի Ոչ Մէկ Գործողութիւն Կը Կատարուի Կամ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ` Ոչ Մէկ Հաղորդակցութիւն»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան պահանջած իրաւական հաշուեքննութեան պարագային դրամատնային գաղտնիութիւնը պէտք չէր պատճառաբանել եւ պէտք չէր զլանալ պահանջուած փաստաթուղթերը ներկայացնել: «Խորհրդարանին որոշումը Կեդրոնական դրամատան եւ ելեւմուտքի նախարարին ուշադրութեան կը յանձնէ, որ դրամատնային գաղտնիութեան զօրութիւնը իրաւական հաշուեքննութեան չի վերաբերիր», ըսաւ ան: Ժահժահ յայտնեց, որ այսօր ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ...

Քիւպիչ Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Ֆըրզլիի

Քիւպիչ Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Ֆըրզլիի

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` քննարկելով լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քիւպիչ այցելեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:

Ժոմպլաթ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանի Մէջ  Կարգ Մը Անձնաւորութիւններու Կողմէ  Ամերիկեան Վարչակազմին Զօրակցելու Քայլերէն»

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումէն

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած իւրաքանչիւր վայրկեանի ուշացումը կը դժուարացնէ տիրող կացութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան շատ աւելի վատ իրավիճակի պիտի մատնուի, կացութիւնը աւելի եւս պիտի սառի, իսկ տնտեսական տագնապը պիտի սրի` աւելցնելով, որ դեղորայքի, ալիւրի, մազութի եւ պենզինի առեւտրականները շատ աւելի հզօր են, քան պետութիւնը: Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի այսօր պիտի ներկայանայ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին, որուն բացատրութիւն պիտի տայ դատաւորներուն գծով իր կատարած յայտարարութեան մասին: ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած հրշէջ Ճօ Նունի եղբայրը` Ուիլիըմ Նուն յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուան խոստացած է ամբաստանել նախկին վարչապետներ, կառավարութիւններ եւ նախարարներ, սակայն իր խոստումներէն ոչինչ կատարած է:...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Նախագահական Պալատը Կը Հաստատէ, Որ Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Կատարուի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Վարչապետին Միջեւ

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Լիուա» եւ «Նիտաէլ ուաթան» օրաթերթերը երէկուան իրենց թիւերով հրապարակած են տեղեկութիւններ, որոնք օգտագործուած են նաեւ այլ կայքերու եւ լրատուամիջոցներու կողմէ: Ըստ հաղորդագրութեան, զոյգ օրաթերթերուն հրապարակած տեղեկութիւնները կ՛անդրադառնան Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, յատկապէս այդ հոլովոյթին մէջ Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դերակատարութեան: «Այս տեղեկութիւնները սուտ են եւ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 127.903-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին  Արձանագրուած Են 1000 Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 127.903-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1000 Պարագաներ

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 127.903-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1000 նոր վարակուածներ: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին ընդգծեցին «Քորոնա»-ի ժահրէն նախազգուշանալու քայլերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Հասան նշեց, որ դպրոց երթալու կամ չերթալու նախապատուութիւնը համազօր է...

Անուններու Արձանագրութեան Իմաստով  Արտերկրի Լիբանանցիները Քաջալերելու  Արշաւին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Հիւլէական Ծրագիրի Իրանցի Գիտնականին Սպանութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ Իրանի մէջ հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութիւնը: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու, որպէսզի շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը աւելի վատ բեմագրութեան մը չյանգի: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ սպանութիւնն ու ոճիրը կը խախտեն ապահովական կայունութիւնը...

Յաջորդ Նիստը Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Որոշելով`  Ջրային Սահմանագիծին Շուրջ Բանակցութիւններու Առաջին Նիստը Գումարուեցաւ

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Խախտէ Լիբանանի Գերիշխանութիւնը, Իսկ Սահմանագծումի Խորհրդակցութիւնները Կ՛առկախուին

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ առաջ թռիչքներ կատարեց Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը: Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Նապաթիէի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Եոհմորի, Քֆարթըպնիթի, Հասպայայի, Աքրուպի, Ռաշայա Ուատիի, Արեւմտեան Պեքաայի, Մեթնի, Քեսրուանի եւ Պէյրութի վերեւ: Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին վերաբերող խորհրդակցութիւնները, որոնք Նաքուրայի մէջ պիտի...

Էլիաս Մըր. «Պատրաստ Եմ Լիբանանին Տրամադրելու  Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն` Մասնագէտներու  Կառավարութեան Կազմութենէն Անմիջապէս Ետք»

Էլիաս Մըր. «Պատրաստ Եմ Լիբանանին Տրամադրելու Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն` Մասնագէտներու Կառավարութեան Կազմութենէն Անմիջապէս Ետք»

Ինթըրփոլի նախագահ Էլիաս Մըր իր վերընտրութեան առիթով տուաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան օգտուած է եւ կը շարունակէ օգտուիլ Ինթըրփոլի ծրագիրներէն` աւելցնելով, որ ինք պատիւ կը զգայ ծառայելու իր երկրին եւ ժողովուրդին: «Օր մը օրանց չեմ երկմտած իբրեւ լիբանանցի կատարելու իմ պարտականութիւններս եւ միշտ ալ հպարտացած եմ լիբանանցի ըլլալուս համար` հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած հսկայական տագնապներուն եւ փորձանքներուն: Պատրաստ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի աճապարուած է նոր կառավարութիւնը կազմելու առումով: Ան աւելցուց, որ Պաապտա այցելութեան յստակ ժամադրութիւն չկայ տակաւին: Ժսըր վերահաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը կը զօրակցի Կեդրոնական դրամատան, նախարարութիւններուն, պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանան իր ճակատագիրին ձգուած երկիր է` աւելցնելով, որ...

Շարունակուող Ճնշումներու Մթնոլորտին Մէջ.   Լիբանան Կը Փորձէ Հեռու Մնալ Ժխտական Հետեւանքներէ

Շարունակուող Ճնշումներու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Կը Փորձէ Հեռու Մնալ Ժխտական Հետեւանքներէ

Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելքը, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր շրջաններ, սպասողական երկունքի մէջ են` ամերիկեան նախագահական ընտրութեանց արդիւնքներուն լոյսին տակ: Փաստօրէն, գրեթէ բոլոր կողմերը կը հետեւին Միացեալ Նահանգներու գործող եւ ընտրեալ նախագահներու որդեգրելիք քայլերուն ժխտական թէ դրական հետեւանքներուն: Ինչպէս ամերիկեան իւրաքանչիւր նախագահական ընտրութենէ ետք, այս անգամ եւս կը նախատեսուի, որ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն իր աշխատակազմին հետ նոր ծրագիր եւ...

Նշանակուած Վարչապետ Հասսան Տիապ  Այցելեց Նախկին Վարչապետներուն

Մերժելով Անցեալի Թերացումները Իր Կառավարութեան Վերագրել` Հրաժարեալ Վարչապետ Հասսան Տիապ Մաղթեց, Որ Պէյրութ Շարունակէ Մնալ Լուսաշող Փարոս

«Փտածութիւնը խորքին մէջ մտային փտածութիւնն է», յայտարարեց հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ` հաղորդավար Ռիքարտօ Քարամի հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին: Տիապ յայտնեց, թէ իր յարաբերութիւնները լաւ են գրեթէ բոլոր քաղաքական ղեկավարներուն հետ` ոմանց հետ մասնակի տարակարծութեամբ եւ մասնակի համախոհութեամբ: Ան յայտնեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը տուաւ այնպիսի որոշումներ, որոնք հակառակ քննադատական թիրախաւորումին դուրս եկան, թէ իրաւացի եւ արդիւնաւէտ էին: Տիապ «դարուն...

Երկշաբաթեայ Փակումէ Ետք` Լիբանան  Դէպի Աստիճանական Վերաբացում

Երկշաբաթեայ Փակումէ Ետք` Լիբանան Դէպի Աստիճանական Վերաբացում

Երկշաբաթեայ փակումէ ետք, այսօր` երկուշաբթի, 30 նոյեմբերէն սկսեալ կը վերսկսին  լիբանանեան զանազան մարզերու աշխատանքները, բացի գիշերային զբօսավայրերէն եւ սրճարաններէն: Կը վերացուի զոյգ եւ անզոյգ թիւերով ինքնաշարժներու երթեւեկի դրութիւնը, պայմանով որ գիշերուան ժամը 11:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 արգիլուի բոլոր ինքնաշարժներու եւ փոխադրական այլազան միջոցներու գործունէութիւնը: Արդարեւ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ համավարակի յատուկ պատկան յանձնախումբի ժողովի աւարտին լիբանանցիներուն «աւետեց»,...

Ժիպէյլի Միջադէպին Հետքերով.  Ապի Ռամիա. «Ժիպէյլ Պիտի Մնայ  Համակեցութեան Կեդրոն»

Ժիպէյլի Միջադէպին Հետքերով. Ապի Ռամիա. «Ժիպէյլ Պիտի Մնայ Համակեցութեան Կեդրոն»

«Ժիպէյլ պիտի մնայ իր բոլոր զաւակներուն միջեւ համակեցութեան խորհրդանիշ, եւ անհատական միջադէպերը պիտի չկարենան խաթարել սիրոյ, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած Ժիպէյլի համակեցութեան տարազը», յայտարարեց Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա երէկ: Ժիպէյլի «Սուլթան Իպրահիմ Պըն Ատհամ» մզկիթին առջեւ պատահած միջադէպի հետեւանքներու վերացման կամ մեղմացման առաջադրանքով երեսփոխան Ապի Ռամիա երէկ կապ հաստատեց հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տրիանի, Ժիպէյլի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժեր երէկ ձերբակալեցին թմրեցուցիչ տարածող եւ նմանօրինակ նախընթացներ արձանագրած 1999-ի ծնունդ Ս. Ա. անունով յանցագործ մը Սահել Ալմա շրջանին մէջ: Ան թմրեցուցիչի առեւտուրով կը զբաղէր եւ զայն կը տարածէր առաւելաբար Լեռնալիբանանի Ժիպէյլ եւ Քեսրուան շրջաններուն միջեւ: - ԲԱՆԱԿԻ գաղտնի սպասարկութեանց բաժանմունքի տարրեր երէկ փրկեցին երկու առեւանգեալ պատանդներ` լիբանանցի մը եւ պաղեստինցի մը: Գաղտնի սպասարկութիւնները կը շարունակեն իրենց...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ

Հայկական երեսփոխանական պլոքը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին հաստատեց, որ ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակին` կը զօրակցի իրաւական որեւէ գործառնութեան, որ իր գումարներուն ճակատագիրին մասին իմանալու լիբանանցիին իրաւունքը կ՛ապահովէ: Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը զօրակցի Կեդրոնական դրամատունը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին, ինչպէս նաեւ կողմնակից է, որ իրաւական այդ հաշուեքննութիւնը ընդարձակուի` ներառելով պետական հաստատութիւններն ու վարչութիւնները, նախարարութիւններն ու պետական...

«Կը Մաղթենք Ազատագրել  Նաեւ Մարդն Ու Հայրենիքը»   Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Թող Իրաւական Հաշուեքննութեան Որոշումը Ըլլայ Հաշուետուութեան Նախաքայլը»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն մաղթեց հետեւեալը. «Թող խորհրդարանին վաւերացուցած իրաւական հաշուեքննութեան որոշումը, որ հանրապետութեան նախագահի յղած նամակին ընդառաջումն էր, ըլլայ հաշուետուութեան ճշգրիտ ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու նախաքայլը: Իրաւական հաշուեքննութիւնը թող կատարուի, որպէսզի ոչ ոք կարենայ հնարել այնպիսի պատճառաբանութիւններ, որոնք կ՛արգելակեն աշխատանքը, իսկ բոլոր...

Խորհրդարանը Համախոհութեամբ Ընդառաջեց  Նախագահ Աունի Առաջարկին` Համաձայն Գտնուելով  Կեդրոնական Դրամատունը, Նախարարութիւններն  Ու Պետական Հաստատութիւնները Իրաւական  Հաշուեքննութեան Ենթարկելու

Խորհրդարանը Համախոհութեամբ Ընդառաջեց Նախագահ Աունի Առաջարկին` Համաձայն Գտնուելով Կեդրոնական Դրամատունը, Նախարարութիւններն Ու Պետական Հաստատութիւնները Իրաւական Հաշուեքննութեան Ենթարկելու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն միակ օրակարգն էր քննարկել իրաւական հաշուեքննութեան վերաբերող` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը, որ յղուած էր խորհրդարանին: Խորհրդարանը համախոհութեամբ ընդառաջեց նախագահ Աունի առաջարկին` համաձայն գտնուելով Կեդրոնական դրամատունը, նախարարութիւններն ու պետական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ անկախ խորհուրդներն ու պետական ֆոնտերը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին` առանց...

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի  Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Փուլերը

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Փուլերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան փուլերը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքները: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանին տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու բարեկարգումներուն գործադրութեան կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի,...

Ուեհպէ. «Շրջանին Մէջ Կայունութիւն Հաստատելու  Մեկնարկը Միջին Արեւելքի Մէջ Արդար  Եւ Ամբողջական Խաղաղութեան Հաստատումն Է»

Ուեհպէ. «Շրջանին Մէջ Կայունութիւն Հաստատելու Մեկնարկը Միջին Արեւելքի Մէջ Արդար Եւ Ամբողջական Խաղաղութեան Հաստատումն Է»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախկին նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ մասնակցեցաւ Միջերկրական ծովուն ի խնդիր համադաշնակցութեան շրջանային Ե. խորհրդաժողովին, որ կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ: Ուեհպէ նշեց, որ Լիբանան ներկայիս տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջերկրականեան երկիրներուն մէջ խաղաղութիւնը, բարգաւաճումն ու զարգացումը պահպանելու, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միասնաբար գործակցելու` «Քորոնա»...

Page 448 of 988 1 … 447 448 449 … 988

Արխիւներ