Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Դատարանի Կալանավայրէն Փախուստ Տուած Բանտարկեալներէն 33-ը Ձերբակալուած Են, 5-ը` Մահացած, Իսկ 31-ին Գտնուած Տեղը Տակաւին Կը Մնայ Անյայտ

November 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին Պաապտայի դատարանի կալանավայրէն մեծ թիւով արգելափակեալներ փախուստ տուին:

Այդ քայլը մղեց, որ ոստիկանները հալածեն փախուստ տուողները, որոնցմէ քանի մը հոգին ինքնաշարժ մը գտան եւ փորձեցին անոր միջոցով փախուստը շարունակել, սակայն ինքնաշարժը բախեցաւ ծառի մը, եւ անոնք տեղւոյն վրայ մահացան:

Ուրիշներ տեղւոյն վրայ ձերբակալուեցան Պաապտայի դատարանին եւ զօրանոցին մօտակայքը գտնուող ապահովական ամուր շղթային շնորհիւ:

Իսկ ոմանց ընտանիքները համոզեցին արգելափակեալները անձնատուր ըլլալու:

Ներքին ապահովութեան ուժերը նախանցեալ օր հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պաապտայի դատարանի կալանավայրէն փախուստ տուած բանտարկեալներէն 33-ը ձերբակալուած են, 5-ը` մահացած, իսկ 31-ին գտնուած տեղը տակաւին անյայտ կը մնայ:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ աշխատանքը կը շարունակուի փախուստ տուած բոլոր արգելափակեալները վերստին կալանաւորելու:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ քննարկեց արգելափակեալներու փախուստին պատճառները` պահանջելով խստացնել զանոնք հալածելու միջոցառումները, ինչպէս նաեւ հետաքննութիւն բանալ անոնց փախուստի քայլին վերաբերեալ:

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Պաապտայի հինգ սպաներ,  Դատարանի կալանավայրի պատասխանատուն եւ ոստիկանապետը հարցաքննած է` բացայայտելու համար որոշ մեղսակցութեան մը գոյութիւնը, սակայն ի յայտ եկած է, որ նման հարց գոյութիւն չունի:

Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ սակայն, որ Պաապտայի դատարանի կալանավայրէն արգելափակեալներու փախուստին  պատասխանատուները ապահովութեան ուժերն են եւ անոնց անհոգութիւնը:

 

Նախորդը

«Լիբանանցիները Կը Մերժեն Ապրիլ Իրենց Ներկան Քանդող Ձեր Զէնքով» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Յաջորդը

Անարգ Ոճիր Մը Կը Ցնցէ Պշարրէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.