Ապպաս Իպրահիմ Շիայի Հետ Քննարկեց Միացեալ Նահանգներ Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան միացեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները: Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով ապահովութեան ուժերուն ուղղած իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ այս տարի Անկախութեան տօնը կը զուգադիպի Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող...



















