Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անարգ Ոճիր Մը Կը Ցնցէ Պշարրէն

November 25, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Լիբանանի Աւագ քննիչ դատախազ Սամարանտա Նասսար երէկ այցելեց Պշարրէ, ուր նախանցեալ գիշեր շրջանի քաղաքացիներէն Եուսեֆ Թոք սպաննուած էր:

Պշարրէի քաղաքացի Եուսեֆ Թոք սպաննուած էր սուրիացիի մը կողմէ, որ շրջանի առանձնատուներէն մէկուն, ինչպէս նաեւ զոհին պատկանող հողաշերտի մը պահակն էր:

Դատախազ Նասսար այցելեց դէպքին վայրը, ուր կատարուած հետաքննութեան նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ ոճրագործը թրքական արտադրութեամբ ատրճանակէ մը 9 մմ տրամագիծով երկու փամփուշտ կրակած է զոհին վրայ, ապա ան երկու այլ փամփուշտներ կրակած է, իսկ հինգերորդը կախուած է ատրճանակին մէջ:

Եուսեֆ Թոք տեղւոյն վրայ սպաննուած է:

Դէպքին վայրէն գտնուած է նաեւ փոքր կացին մը, որ ոճրագործը օգտագործած է Թոքի հետ կռիւի ընթացքին:

Ականատեսներ պատմած են նաեւ, որ նախքան դէպքին պատահիլը, անոնք հրդեհ նշմարած են Եուսեֆ Թոքի հողաշերտին վրայ:

Երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահ եւ Ժոզեֆ Իսհաք երէկ առաւօտեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեցին ապահովական կառոյցներուն խուզարկելու սուրիացիներուն հաւաքավայրերը` բացայայտելու համար զէնքերն ու դատական իշխանութիւններու կողմէ պահանջուած յանցագործները:

Անոնք հաստատեցին, որ ոճրագործը ապահովութեան ուժերու ձեռքերուն մէջ կը գտնուի եւ ան իր արդար պատիժը պիտի ստանայ:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց Պշարրէի բնակիչներուն օրինազանցութիւն չկատարելու, այլ` լրիւ վստահելու դատական իշխանութիւններուն: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Պշարրէի մէջ գտնուող բնակիչները ստուգուին, եւ եթէ ապօրինի զէնքեր գտնուին, ապա գրաւուին:

Նշենք նաեւ, որ Պշարրէի քաղաքապետութիւնը գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Պշարրէ լուռ պիտի չմնայ այս ոճիրին ի տես` կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն համբերելու մինչեւ հետաքննութեան աւարտը:

 

 

Նախորդը

Պաապտայի Դատարանի Կալանավայրէն Փախուստ Տուած Բանտարկեալներէն 33-ը Ձերբակալուած Են, 5-ը` Մահացած, Իսկ 31-ին Գտնուած Տեղը Տակաւին Կը Մնայ Անյայտ

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ռահմէի Հետ Քննարկեց Ներքին Լիբանանեան Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.