Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառչած Կը Մնանք Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւներուն Շուրջ Իրաւական Հաշուեքննութիւն Կատարելու Անհրաժեշտութեան»

Նոյեմբեր 26, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը շեշտեց ուրբաթ, 27 նոյեմբերին խորհրդարանին կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած նամակի քննարկումին անհրաժեշտութիւնը:

Համախմբումը ընդգծեց ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու վեհ գործին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց իր կառչածութիւնը Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն շուրջ իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան` աւելցնելով, որ իրաւական հաշուեքննութիւն պէտք է կատարուի լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն պարագային:

Համախմբումը զարմանք յայտնեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին առումով եւ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան հանրային կարծիքը արդէն իսկ ծանօթ է այդ հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին պատճառներուն:

«Ոչինչ կ՛արգիլէ կառավարութեան կազմութիւնը, եւ կարելի չէ այդ հոլովոյթը արտաքին պատճառներու առնչել, ինչպէս նաեւ արտօնելի չէ տնտեսական տագնապալի իրավիճակը պատճառաբանել` հաւասարակշռութիւններն ու ազգային միասնականութիւնը խախտելու նպատակով», շեշտեց համախմբումը:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքի փոփոխութեան առաջարկին` համախմբումը հաստատեց, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու առումով տարիներու պայքարն ու տքնաջան աշխատանքը կարելի չէ ջրել: Համախմբումին կողմէ ոչ մէկ փոփոխութիւն ընդունելի պիտի ըլլայ, բացի եթէ ան ըլլայ ընդհանուր լուծումին մէկ մասը, որ կ՛ընդգրկէ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու, քաղաքացիական պետութիւն հիմնելու եւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու կարելիութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ուեհպէ Քննարկեց Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Գումար Փոխանցելու Դժուարութիւնները

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?