Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս սահմանային իրավիճակը:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Հետազօտութիւններու եւ բարգաւաճման կրթական կեդրոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց կեդրոնին կողմէ պատրաստուած կրթական աշխատանքներն ու ձեռնարկները, որոնք նուիրուած էին Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին:
Զօր. Աուն ողջունեց կեդրոնին կատարած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր: