Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մտավախութիւն Ունինք, Որ Ընտրական Օրէնքին Մասին Բանավէճին Նպատակը Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Յետաձգել Է» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

November 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժեմայէլ ըսաւ, որ Ռամփլինկի հետ քննարկումներուն ընթացքին մտավախութիւն յայտնած է, որ ընտրական օրէնքի մասին բանավէճին նպատակը կրնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետաձգումը ըլլալ:

Ժեմայէլ նշեց, որ նման խաղեր արդէն իսկ բացայայտ են իրենց համար` մաղթելով, որ ամէն ջանք ի գործ դրուի Լիբանանի վերաշինութեան եւ լիբանանցիներու վէրքերու ամոքումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանը ժողովրդավար, խաղաղ եւ հաստատութենական կերպով դէպի նոր եւ բարգաւաճ փուլ փոխադրելու եւ լիբանանցիներուն աւելի լաւ ապագայ մը ապահովելու:

Ժեմայէլ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռամփլինկին` Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանեան բանակին նկատմամբ Բրիտանիոյ յատկացուցած օժանդակութիւններուն համար:

Իր կարգին, Ռամփլինկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժեմայէլին` նկատել տալով, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը քննարկելու Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, յատկապէս տնտեսական տագնապն ու տիրող կացութիւնը` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք:

Ռամփլինկ շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը` հաշուետուութեան ենթարկուելով եւ թափանցիկութեան սկզբունքին հիման վրայ գործելով, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը ներկայ տագնապէն փրկել:

Ռամփլինկ ընդգծեց, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան, մասնաւորաբար այս փուլին ընթացքին:

Ան հաստատեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը` մտահոգութիւն յայտնելով տիրող կացութեան առնչութեամբ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սալամէ Կը Հերքէ Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ Օտար Դրամանիշով Իր Պահեստի Գումարներու Նուազեցումը Սերտելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.