Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 26, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ապահովական պատճառներով կասեցուցած են 13 երկիրներու քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիր (վիզա) ընձեռել: 13 երկիրներուն մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած բարդութիւնները ներքին լիբանանեան ճիգերով կարելի է լուծել:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չիլիի դեսպան Մաուրիսիօ Ուկալտի հրաժեշտի այցելութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման պատասխանատու չէ Պաապտայի դատարանի կալանավայրէն մեծ թիւով արգելափակեալներու փախուստին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, 95 օքթանը` 100 լ. ոսկիով, իսկ կազն ու տիզըլը` 500 լ. ոսկիով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ քրիստոնեայ նախարարները անուանելու մասին բանավէճը ամօթալի է եւ մերժելի` ամէն չափանիշներով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք է շուտով լուծել, որովհետեւ ժամանակի «պերճանք»-ը չունինք:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանանին վտանգաւոր օրեր կը սպասեն` աւելցնելով, որ պահանջուածը վճռական որոշումներ տալն է, ինչպէս նաեւ առաջնահերթութիւններ եւ ցաւալի զիջումներ կատարելը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ հաստատեց շտապ օգնութեան անձնակազմերն ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կարեւոր սարքերով օժտելու, ինչպէս նաեւ անոնց համար աշխատանքային վայել պայմաններ ապահովելու կարեւորութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ ապահովական կայունութիւնը օրըստօրէ խոցելի կը դառնայ` կոչ ուղղելով բանակին ձերբակալելու ապահովական կայունութիւնը խախտող օրինազանցները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն միասնականութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ Լիբանան դատարկ օղակի մը մէջ կը դառնայ, եւ շրջանային հսկայ փոփոխութիւններու շրջագիծին մէջ վտանգի կ՛ենթարկուի Լիբանան հասկացողութեան մնացորդացը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: «Որեւէ կառավարութիւն, որ երկրին գերիշխանական պայմաններուն յանձնառու չի մնար, պիտի չկարենայ բարեկարգումները գործադրել», շեշտեց Սլէյման:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. «Ռոթարի Քլապ Պէյրութ Սետըրզ» Կազմակերպութիւնը Մեսրոպեանին Նուիրեց 20 Թապլեթներ

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառչած Կը Մնանք Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւներուն Շուրջ Իրաւական Հաշուեքննութիւն Կատարելու Անհրաժեշտութեան»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?