Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ երկուշաբթի, 30 նոյեմբերէն սկսեալ կրթութեան մարզը, յատկապէս դպրոցները վերստին պիտի սկսին գործել առցանց եւ ներկայութեամբ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց առողջապահութեան վերաբերող հարցեր:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դատաւորներուն 95 առ հարիւրը փտած են: Այս յայտարարութեան պատասխանեց նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որ հաստատեց հետեւեալը. «Բաւարար չէ միայն պարկեշտ ըլլալ, այլ նաեւ պէտք է կշռել արտայայտութիւններդ»:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով արձանագրուած որեւէ ուշացում երկրին տագնապը աւելի եւս կը բարդացնէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ իրենք համաձայն են իրաւական հաշուեքննութեան կայացումին եւ անհրաժեշտ կը նկատեն, որ այդ աշխատանքին հոլովոյթը սկսի Կեդրոնական դրամատունէն եւ ընդարձակուի դէպի պետական այլ հաստատութիւններ: Ան հաստատեց, որ ներկայ ընտրական օրէնքը Լիբանանի վկայած վատագոյն օրէնքն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց անմիջապէս սկսելու իրաւական հաշուեքննութեան հեռու մնալով օրինական բարեկարգումներու հետ զբաղելէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ անընդունելի է հազարաւոր բանտարկեալներ պահել բանտերուն մէջ` առանց զանոնք դատավարութեան ենթարկելու եւ յստակ վճիռի հիման վրայ զանոնք պատժելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ պետութենէն կը պահանջուի ժողովուրդին տրամադրուած նիւթական նպաստը ուղղորդել, որպէսզի անկէ օգտուին կարիքաւորները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը պէտք է գործադրուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ պահանջուածը այն է, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը կատարուի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ դպրոցները վերաբանալու որոշումը լաւապէս չէ սերտուած: Ան նկատել տուաւ, որ այդ որոշումը աճապարանքով տրուած որոշում մըն է, որ հսկայ վտանգներ կ՛ընդգրկէ:

 

 

Նախորդը

10 Նոյեմբերի Անկիւնադարձէն Ետք – Գ. Հայաստանի Վերաբերող Ցաւոտ Հարցումներ

Յաջորդը

Զօր. Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.