Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Մաքրոնէն Օժանդակութիւն Կը Խնդրէ` Միջամտելու Օրէնքի Եւ Կանոններու Համաձայն

November 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նամակ մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` անդրադառնալով Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ կատարեու ֆրանսական նախաձեռնութեան անկատար մնալու իրականութեան:

Պասիլի նամակին մէջ նշուեցաւ, որ երկրին մէջ ինքզինք պարտադրող տնտեսական տագնապն ու ելեւմտական բացթողումները ցոյց տուին, որ Կեդրոնական դրամատան պարագային կան խնդիրներ, «հետեւաբար բնական էր, որ բարեկարգումի նախաքայլը ըլլար Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն դէպի այլ երկիրներ գումարներ փոխանցելու գործառնութեան սանձումը ճշդող օրէնքի մը վաւերացումը:

Սակայն ցաւ ի սիրտ նման օրէնք մը կամ Լիբանանի պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու օրէնք մը կարելի չեղաւ վաւերացնել, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ փտածութիւնը ինքզինք ամուր կերպով պարտադրած է երկրին մէջ», նշեց Պասիլ:

Ան կոչ ուղղեց Ֆրանսային ըստ օրէնքի եւ կանոններու միջամտելու` Լիբանանէն օտար երկիրներ իւրացուած գումարներու մաքսանենգումը կասեցնելու:

Պասիլ աւելցուց նաեւ, որ խորհրդարանը ուշացած է վաւերացնելու դատական իշխանութեան անկախ գործունէութիւնը ապահովող օրէնքներ, իսկ կառավարութեան կազմութիւնը իր կարգին կը մնայ անորոշ իրավիճակի մէջ:

Հետեւաբար Լիբանանի օժանդակութեան ֆրանսական նախաձեռնութիւնը կարելի պիտի չըլլայ գործադրել, հակառակ անոր որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ բարեկարգումներ իրագործելու համար:

Պասիլ իր նամակը աւարտեց ընդգծելով, որ իրենք կը պնդեն իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու եւ բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ վստահ են, թէ Ֆրանսա լիբանանցիները առանձին պիտի չձգէ` փտածութեան դէմ անոր մղելիք պայքարին մէջ:

Պասիլի Եւ Միացեալ Նահանգներու
Դեսպանին Միջեւ Բանավէճը Կը Շարունակուի

Միւս կողմէ, Ժըպրան Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կարիքը չկայ դարձեալ պատասխանելու Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին, որ կը շարունակէ ինքզինք կրկնել` առանց Պասիլի դէմ փտածութեան ամբաստանութեան վերաբերող փաստեր ներկայացնելու:

Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ ամերիկացի դեսպանը տակաւին շօշափելի փաստեր, փաստաթուղթ եւ կամ որեւէ այլ ապացոյց չէ ներկայացուցած` կոչ ուղղելով արտաքին գործոց նախարարութեան դեսպանին յիշեցնելու դիւանագիտական կանոններուն, որեւէ այլ երկրի ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու եւ յատկապէս ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն` երեսփոխաններուն դէմ ցեխարձակումներ եւ ամբաստանութիւններ չկատարելու մասին:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած էր Պասիլի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն` ընդգծելով, որ այդ պատժամիջոցները որդեգրուած են Պասիլի փտածութեան պատճառով եւ կը փաստեն, թէ Ուաշինկթըն ի՛նչ ձեւով կը պատժէ փտածները:

 

Նախորդը

Սալամէ Կը Հերքէ Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ Օտար Դրամանիշով Իր Պահեստի Գումարներու Նուազեցումը Սերտելու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.