Խորհրդարանը Ուրբաթ, 27 Նոյեմբերին
Կը Քննարկէ Նախագահ Աունի Նամակը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ճամբով նամակ մը յղեց խորհրդարանին` կոչ ուղղելով անոր գործակցելու գործադիր իշխանութեան հետ, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը կարենայ միջազգային չափանիշներով գործադրել Կեդրոնական դրամատան, ինչպէս նաեւ պետական բոլոր հաստատութիւններուն իրաւական հաշուեքննութիւնը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը կարեւոր է` իրականացնելու համար բարեկարգումներն ու Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով մշակուած ծրագիրներուն գործադրութիւնը:
«Այլապէս Լիբանան պիտի ըլլայ ձախող պետութիւններուն շարքին: Պետութիւններ, որոնք նոյնիսկ հաշուեքննութիւն չեն կրնար կատարել կամ հաշուետուութեան կանչել` փտածութեան վերջ մը դնելու համար», նշեց ան:
Նախագահ Աուն պահանջեց, որ խորհրդարանը ըստ կարգի քննարկէ իր նամակը եւ ըստ այնմ կեցուածք եւ որոշում տայ, ինչպէս նաեւ որդեգրուելիք քայլեր ճշդէ այս իմաստով:
Ան ընդգծեց խորհրդարանին եւ գործադիր իշխանութեան միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը չի կրնար առանձինն նման որոշումներ տալ:
Իր նամակով նախագահ Աուն ներկայացուց իրաւական հաշուեքննութեան հոլովոյթը, որուն հասնելու համար Լիբանանի մէջ աշխատանք սկսած էր անցեալ 24 մարտէն: Ան ներկայացուց նաեւ այս առումով կառավարութեան տուած որոշումները, ինչպէս նաեւ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» հաշուեքննիչ միջազգային ընկերութեան հետ ստորագրուած պայմանագիրն ու անոր գործադրութիւնը խոչընդոտած արգելքները, որոնցմէ հիմնական էր ընկերութեան պահանջած փաստաթուղթերուն պակասաւոր յանձնումը` Կեդրոնական դրամատան կողմէ, ինչ որ մղած էր ընկերութիւնը 20 նոյեմբեր 2020-ին վերջ տալու Լիբանանի հետ ստորագրած իր պայմանագիրին:
Նախագահ Աուն հաստատեց նամակին մէջ, որ պատահածը վտանգաւոր քայլ մըն է պետութեան հասկացութեան առումով` աւելցնելով, որ անիկա ուղղակիօրէն կը հարուածէ լիբանանցիներուն շահերը:
Ընդառաջելով նախագահ Աունի պահանջին` Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի նախագահ Աունի յղած նամակը եւ ըստ այնմ որոշում պիտի տրուի: