Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանցիները Կը Մերժեն Ապրիլ Իրենց Ներկան Քանդող Ձեր Զէնքով» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

November 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադրութեան 84-ամեակին եւ նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութեան 14-րդ տարելիցին առիթով Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կազմակերպեց առցանց հանդիպում մը` նշելու համար զոյգ առիթները:

Այս առիթով, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ պատմութիւնն ու ճակատագիրը կը պնդեն եւ կ՛ուզեն փաստել, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատմութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է Լիբանանի անկախութեան:

«Մենք Փիեռ Ժեմայէլը սգացինք, եւ յոյս ունինք նոր Լիբանան մը կերտելու, հակառակ անոր որ կը տեսնենք Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները, անոր անցած բարդ փուլը, լիբանանցիներուն տառապանքը, աղքատութիւնը, դեղորայքի տագնապը, հեռանկարի չգոյութիւնը, լիբանանցի երիտասարդներուն արտագաղթը: Իսկ այս բոլորին մէջ վատագոյնը այն է, որ պատասխանատուները հարց չեն տար այս բոլորին մասին:

«Լիբանան անկիւնադարձի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ անձնատուր ըլլալու ժամանակ չկայ: Լիբանանէն բացի շարք մը երկիրներ տնտեսական եւ գոյութենական տագնապներ դիմագրաւեցին, բայց անոնք կրցան իրենց հարցերը լուծել եւ դարձեալ կառուցել իրենց երկիրը: Մենք մեր կարգին մեծ թիւով լուծումներ առաջարկեցինք, ինչպէս նաեւ տնտեսական ծրագիրներ մշակեցինք` ոտքի կանգնեցնելու համար երկիրը, իսկ լիբանանցիները կեանքը սիրող ժողովուրդ են եւ կը փափաքին նոր Լիբանան մը կերտել», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլային յայտնեց, որ լիբանանցիները կը մերժեն ապրիլ իրենց ներկան քանդող Դիմադրութեան զէնքով` աւելցնելով, որ ամէն անգամ, երբ լիբանանցին կը փորձէ զարթօնք մը ապրիլ, ան կը բախի զէնքին եւ իշխանութեան փտած համակարգին:

 

 

Նախորդը

Խալաֆ. «Կ՛ուզենք Լիբանանեան Պետութիւնը Վերահաստատել` Վերականգնելով Երկրին Իշխանութիւնը»

Յաջորդը

Պաապտայի Դատարանի Կալանավայրէն Փախուստ Տուած Բանտարկեալներէն 33-ը Ձերբակալուած Են, 5-ը` Մահացած, Իսկ 31-ին Գտնուած Տեղը Տակաւին Կը Մնայ Անյայտ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.