ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թատամոն կուսակցութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Ռահմէ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ պատմական հողերը պաշտպանելու անոր իրաւունքին:
Ռահմէ դատապարտեց այն համաձայնագիրները, որոնք կը ստորագրուին երկիրներու հաշուոյն` իրենց շահերուն համար գործող մեծ պետութիւններու որոշումներուն եւ կեցուածքներուն համաձայն:
Ռահմէ շեշտեց նաեւ, որ նման որոշումներ ժողովուրդներու ազգային ինքնորոշման եւ առանց արտաքին միջամտութիւններու` խաղաղ ապրելու իրաւունքը չեն յարգեր: