Լիբանանեան

Տըրիան. «Կառավարութեան Կազմութիւնը  Արգելակողը Արդէն Իսկ Բացայայտուած Է»

Տըրիան. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Արգելակողը Արդէն Իսկ Բացայայտուած Է»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժին` ընկերակցութեամբ իր օգնականին` գնդապետ-զօրավար Նեպիլ Ահմետ Ապտալլայի եւ ներկայութեամբ Պասսամ Աֆիֆիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրդարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնն ու ժողովուրդին ապրուստի պայմանները: Տար Ֆաթուա այցելեց նաեւ Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի, որ յայտնեց, թէ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած...

Ղատա Աուն Դատական Հարց  Յարուցեց Ռիատ Սալամէի Դէմ

Ղատա Աուն Դատական Հարց Յարուցեց Ռիատ Սալամէի Դէմ

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ դատական հարց յարուցեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, ինչպէս նաեւ դրամատուներու քննիչ յանձնախումբի նախագահին դէմ` զանոնք ամբաստանելով իրենց պաշտօնը անփոյթ կերպով կատարելու եւ անոնց վստահուած պատասխանատուութիւնը շահագործելու յանցանքով: Ղատա Աուն դատական հարց յարուցեց նաեւ ամերիկեան տոլար ներածող ընկերութեան սեփականատէր Մ. Մ.-ի եւ լումայափոխ Օ. Ֆ.-ի դէմ` զանոնք ամբաստանելով վարչական որոշում մը խախտելու...

Պքերքէի Մէջ.  «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պէտք Է  Արագացնել` Լիբանանի Հանդէպ Վստահութիւնը  Վերահաստատելու Համար»  Շեշտեց Սինիորա

Պքերքէի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պէտք Է Արագացնել` Լիբանանի Հանդէպ Վստահութիւնը Վերահաստատելու Համար» Շեշտեց Սինիորա

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ռաշիտ Տըրպասի: Հանդիպումէն ետք Սինիորա կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատել: «Լիբանանի մէջ արձանագրուած ցնցումներն ու փուլ եկած մարզերը խախտած են լիբանանեան պետութեան եւ հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը», ըսաւ ան: Սինիորա հաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ...

Մինչ Կառավարութիւնը Պատուաստումի  Իր Ծրագիրը Կը Յայտարարէ.  Թրիփոլիի Մէջ Բողոքի Սաստկացում`  Ամբողջական Փակումի Որոշումին Դէմ

Մինչ Կառավարութիւնը Պատուաստումի Իր Ծրագիրը Կը Յայտարարէ. Թրիփոլիի Մէջ Բողոքի Սաստկացում` Ամբողջական Փակումի Որոշումին Դէմ

Երկրին ամբողջական փակումին դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու եւ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ, ուր ցոյցերը դարձեալ վերածուեցան բախումներու` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Այս մասին նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի ցոյցերուն ետին կրնան գտնուիլ կողմեր, որոնք կը փափաքին քաղաքական պատգամներ ուղղել: Ան աւելցուց, որ կրնան նաեւ գտնուիլ ոմանք, որոնց նպատակն է չարաշահել ժողովուրդին ցաւն...

Աքըր Դատապարտեց Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները,  Ինչպէս Նաեւ Ցուցարարներուն Անվտանգութիւնը  Ապահովելու Յանձնառութիւն Յայտնեց

Աքըր Դատապարտեց Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Ցուցարարներուն Անվտանգութիւնը Ապահովելու Յանձնառութիւն Յայտնեց

  Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ առաւօտեան հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը յանձնառու կը մնայ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը ապահովելու, ցուցարարները եւ իրենց կարծիքը խաղաղ կերպով յայտնելու անոնց իրաւունքը պաշտպանելու, քաղաքացիներուն երթեւեկի իրաւունքը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ապահովելու: Աքըր խստիւ դատապարտեց ցուցարարներուն կողմէ 31 բանակային վիրաւորելու արարքը` իբրեւ հետեւանք ցոյցին ընթացքին բանակայինները քարկոծելու, ինչպէս նաեւ բանակի զինուորները մոլոթովներու...

«Ինչպէս Իշխանութիւնը Պատասխանատուութիւն Է, Նոյնպէս Ալ` Հրաժարականը»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

«Տիապ Ըմբռնում Ցուցաբերեց Մտավախութիւններուն Հանդէպ, Սակայն Ցաւօք Որեւէ Բացառութիւն Անընդունելի Նկատեց» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց, թէ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, մարզական ֆետերասիոններուն հետ խորհրդակցելէ եւ ամբողջական փակումին պատճառով անոնց կրած վնասները իմանալէ ետք, եկաւ այն համոզումին, թէ անհրաժեշտ է հաւասարակշռել «Քորոնա» համաճարակին պատճառով տիրող առողջապահական պայմանները, հասկնալ կառավարութեան որոշումներն ու անոնցմէ բխած ընդհանուր շահերը` միաժամանակ փորձելով գործադրել մարզական ֆետերասիոններուն տեղական եւ արտաքին յանձնառութիւնները, որոնք կարելի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանը պիտի երկարի մինչեւ սեպտեմբեր ամիսը: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ այս տեղեկութիւնը անճիշդ է եւ կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան մարզին` նախքան նման լուրերու հրապարակումը դիմելու նախարարութեան եւ ստուգելու նման տեղեկութիւններու ճշգրտութիւնը: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ...

Ամբողջական Փակումին Դէմ Ժողովրդային Շարժումի  Ցոյցերը Թափ Կը Ստանան, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Անոնք  Կը Վերածուին Ցուցարարներուն  Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումի

Ամբողջական Փակումին Դէմ Ժողովրդային Շարժումի Ցոյցերը Թափ Կը Ստանան, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Անոնք Կը Վերածուին Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումի

Անցեալ կիրակի օրուընէ սկսեալ Լիբանանի ամբողջական փակումին դէմ ժողովրդային շարժումին կողմէ կը ծաւալին բողոքի քայլեր, որոնք կը դրսեւորուին բողոքի ցոյցերով, հիմնականին մէջ ճամբաներու փակումով եւ արդէն հազուագիւտ երթեւեկը խանգարելու փորձերով: Թրիփոլիի մէջ սակայն, ինչպէս նախանցեալ օր, նաեւ երէկ բողոքի այդ շարժումները աւելի բուռն թափ ստացան եւ վերածուեցան խափանարարական արարքներու, որոնց իբրեւ հետեւանք լիբանանեան բանակը յաւելեալ զօրամասերով ամրապնդեց իր ներկայութիւնը շրջանին...

«Յանձնառու Կը Մնանք Միացեալ Նահանգներու Հետ  Բարեկամական Յարաբերութիւններն Ու  Գործակցութիւնը Շարունակելու»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Յանձնառու Կը Մնանք Միացեալ Նահանգներու Հետ Բարեկամական Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութիւնը Շարունակելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ երկրին իշխանութիւնը ստանձնելուն լոյսին տակ: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Միացեալ Նահանգներու հետ բարեկամական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը շարունակելու` փոխըմբռնումի, փոխադարձ յարգանքի եւ միացեալ արժէքներու պահպանումին վրայ հիմնուելով:...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լիբանանցիներուն Մսխուած, Իւրացուած Եւ Դուրս Փոխանցուած Գումարներուն Հարցը Հետապնդելու Մեր Ճիգերը Պիտի Աշխուժացնենք»

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր առցանց ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանցիներուն համար այլեւս յստակ չէ, թէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի ինչո՛ւ սահմանադրական իր պարտականութիւնը չի կատարեր` հանրապետութեան նախագահին հետ համախորհուրդ: «Այս առումով, համախմբումը լուրջ հարց կու տայ, թէ արդեօք նշանակուած վարչապետը իսկապէ՞ս կը փափաքի...

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ  Բացայայտեց Պայթուցիկ  Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Բանակը Իսրայէլեան Օդուժի 8 Ոտնձգութիւններ Կ՛արձանագրէ

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 25 յունուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 8:50-էն մինչեւ 26 յունուար 2021-ի առաւօտեան ժամը 1:00-ը իսրայէլեան օդուժի հետախուզական օդանաւերու կողմէ 2 ոտնձգութիւններ արձանագրուած են Լիբանանի վերեւ: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ 25 յունուար 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:25-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:35, արձանագրուած են իսրայէլեան կործանիչներու 6 ոտնձգութիւններ` լիբանանեան տարբեր...

Քիւպիչ Հրաժեշտի Այցելութիւններ  Տուաւ Պըրրիի, Տըրիանի Եւ Քասեմի

Քիւպիչ Հրաժեշտի Այցելութիւններ Տուաւ Պըրրիի, Տըրիանի Եւ Քասեմի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որ այս օրերուն հրաժեշտի այցելութիւններ կը կատարէ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Քիւպիչի հետ քննարկեց իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, ցամաքային սահմաններու խախտումը եւ առեւանգումները, ինչպէս նաեւ Սուրիան ռմբակոծելու նպատակով Լիբանանը իբրեւ մարտկոց օգտագործելը: Պըրրի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթոնէն` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Աքըրի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթըն Լոնկտըն: Քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտնեց, որ ինք կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան առումով իր ճիգերը` աւելցնելով սակայն, որ...

Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Մէջ  Քաղաքացիներ Կը Մերժեն Ենթարկուիլ  Ամբողջական Փակումի Որոշումին

Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Մէջ Քաղաքացիներ Կը Մերժեն Ենթարկուիլ Ամբողջական Փակումի Որոշումին

Թէեւ Լիբանանի մէջ ամբողջական փակումը կը շարունակուի, սակայն երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ արձանագրուեցան  բողոքի ցոյցեր, որոնք կը մերժէին ամբողջական փակումի որոշումին գործադրութիւնը: Ցոյցերը արձանագրուեցան գլխաւորաբար Թրիփոլիի մէջ, ուր քաղաքացիները քանի մը օրէ ի վեր արդէն փոքր շարժումներ եւ հաւաքներ կը կատարէին` մերժելով ամբողջական փակումի որոշումը: Երէկ կէսօրին մեծ թիւով ցուցարարներ փակեցին «Ապտել Համիտ Քարամէ» հրապարակը: Նոյն ժամերուն Սայտայի ժողովրդային...

Նախագահ Աուն Պարգեւատրեց Քիւպիչը

Նախագահ Աուն Պարգեւատրեց Քիւպիչը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է ամէն իմաստով գործակցելու ՄԱԿ-ին հետ, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով: Նախագահ Աուն մաղթեց, որ միջազգային կազմակերպութիւնները օժանդակեն Լիբանանին, յատկապէս անոր դիմագրաւած զգայուն կացութեան ընթացքին:...

«Մարզական Ֆետերասիոններուն Արտաքին  Յանձնառութիւնները Ամբողջացնելու Նպատակով`  Նախարարութիւնը Առաւելագոյն Չափով  Պիտի Օժանդակէ Ֆետերասիոններուն»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

«Մարզական Ֆետերասիոններուն Արտաքին Յանձնառութիւնները Ամբողջացնելու Նպատակով` Նախարարութիւնը Առաւելագոյն Չափով Պիտի Օժանդակէ Ֆետերասիոններուն» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ առաւօտեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ մարզական ոլորտին պարզած ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կատարելիք աշխատանքներուն: Պատասխանելով այն հարցումին, որ կ՛ակնարկէր այն իրականութեան, թէ «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ տիրող տնտեսական ահաւոր պայմաններուն զուգահեռ մարզական ֆետերասիոններուն աշխատանքը առաջնահերթութի՞ւն է, Վ. Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Լաւ կը հասկնամ ժողովուրդին ցաւը,...

Ուեհպէ Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը

Ուեհպէ Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց Քիրկէօզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին վերաբերող Զուիցերիոյ ընդհանուր դատախազութեան պահանջները: Հանդիպումէն ետք Ուեհպէ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են: Անդրադառնալով դատական իշխանութիւններուն վերաբերող թղթածրարներուն` Ուեհպէ մաղթեց, որ լրատուամիջոցները...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանան իրանեան տիրապետութեան տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ընդդիմադիր ճակատ գոյութիւն չունի: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ իրողութիւնը այն է, թէ Ա. եւ Գ. իշխանութիւններուն միջեւ հարց գոյութիւն ունի եւ ոչ ոք կը մտածէ ժողովուրդին մասին: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք ամէն...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը  Կը Հսկեն Երկրին Ամբողջական Փակումին

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Հսկեն Երկրին Ամբողջական Փակումին

Լիբանանի ամբողջական փակումը կը շարունակուի ժողովուրդին կողմէ անոր հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութեամբ, որ օրըստօրէ թուլացում կ՛արձանագրէ` նկատի ունենալով փակումը խախտող քաղաքացիներուն դէմ Ներքին ապահովութեան ուժերուն արձանագրած տուգանքները: Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 3010 նոր վարակուածներ եւ 50 մահացածներ: Առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին արձանագրած արագ...

Ռայի. «Լիբանանցի Ղեկավարնե՛ր,  Դուք Աստուծմէ Կը Վախնա՞ք»

Ռայի. «Լիբանանցի Ղեկավարնե՛ր, Դուք Աստուծմէ Կը Վախնա՞ք»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ հարց տուաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն, թէ ինչո՛ւ կ՛ուշանան կառավարութիւնը կազմելու, երբ ժողովուրդը իր ցաւերէն կը տառապի, «ըլլայ ան հիւանդանոցներու դռներուն թէ, դրամատուներուն դիմաց»: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արտօնել, որ կառավարութիւն գոյութիւն չունենայ եւ փտածութիւնը շարունակուի: «Ինչպէ՞ս նոր կառավարութիւն չէք...

Page 439 of 988 1 … 438 439 440 … 988

Արխիւներ