Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տիապ Ըմբռնում Ցուցաբերեց Մտավախութիւններուն Հանդէպ, Սակայն Ցաւօք Որեւէ Բացառութիւն Անընդունելի Նկատեց» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Յունուար 28, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց, թէ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, մարզական ֆետերասիոններուն հետ խորհրդակցելէ եւ ամբողջական փակումին պատճառով անոնց կրած վնասները իմանալէ ետք, եկաւ այն համոզումին, թէ անհրաժեշտ է հաւասարակշռել «Քորոնա» համաճարակին պատճառով տիրող առողջապահական պայմանները, հասկնալ կառավարութեան որոշումներն ու անոնցմէ բխած ընդհանուր շահերը` միաժամանակ փորձելով գործադրել մարզական ֆետերասիոններուն տեղական եւ արտաքին յանձնառութիւնները, որոնք կարելի չէ անտեսել:

Նախարարութիւնը կազմեց ամբողջական թղթածրար մը` տուեալ ֆետերասիոններուն հետ գործակցաբար, ճշդելով արտաքին յանձնառութիւններուն առաջնահերթութիւնը եւ անհրաժեշտ տեղական մրցաշարքերն ու փորձերը: Նախարարութիւնը սերտեց նաեւ բոլոր յանձնառութիւններուն պատճառները եւ անոնց պարտադիր ըլլալուն անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ կան միջազգային մրցաշարքեր, ինչպէս` Աշխարհի ախոյեանութիւն, Ասիոյ ախոյեանութիւն, որոնց չմասնակցելու պարագային պատժական տնօրինումներ կրնան որդեգրուիլ, ինչպէս նաեւ այն իրականութիւնը, որ պէտք է պատրաստուիլ այդ ախոյեանութիւններուն մասնակցելու` պահպանելու համար Լիբանանի պատկերը: Նախարարութիւնը այս թղթածրարին ներառեց նաեւ իր տեսակէտը:

Այս նպատակով, Վ. Օհանեան-Գէորգեան հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ` անոր յայտնելով, որ մարզական ֆետերասիոնները կը հասկնան երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումն ու անոր հետապնդած ազնիւ նպատակները:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան անդրադարձաւ նաեւ ֆետերասիոններուն մտավախութիւններուն, յատկապէս մարզական կեանքին մէջ Լիբանանի ներկայացուցած արտաքին պատկերին եւ միջազգային այն յանձնառութիւններուն, որոնք կարելի չէ անտեսել, ինչպէս` միջազգային, ասիական եւ ողիմպիական ախոյեանութիւններու զտումի մրցումներ, որոնց չմասնակցելու պարագային ֆետերասիոնները կրնան պատժուիլ, իսկ այդ մրցումներուն չպատրաստուելու պարագային մարզական կեանքին մէջ Լիբանան կը ներկայանայ իրեն անյարիր մակարդակով:

«Մարզական ֆետերասիոնները եւ Լիբանանի ազգային խումբերը բացառութիւն նկատելու եւ անոնց հետ իբրեւ իւրայատկութիւն ունեցող կազմեր վարուելու իմաստով համոզուած էի եւ տակաւին կը մնամ համոզուած, որովհետեւ կը հաւատամ, որ անոնք կը ներկայացնեն Լիբանանի փայլուն պատկերը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ մեր հայրենիքին պատկերը մեր փափաքածէն շատ աւելի հեռու է: Համոզուած եմ նաեւ, որ կարելի է տեղական մրցաշարքերու վերաբերող հարցեր սերտել, իսկ անոնցմէ քանի մը մրցաշարք վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը վերածուած է անհրաժեշտութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է միջազգային օժանդակութիւններու, որոնցմէ մաս մը տրամադրուած են մարզական ֆետերասիոններու եւ անոնց ակումբներուն, իսկ այլ մաս մը ուղղակիօրէն կապուած է արտաքին մրցաշարքերու կամ ախոյեանութիւններու մասնակցող հաւաքականներու անուանումին», հաստատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան:

Ան նշեց, որ Տիապ ըմբռնում ցուցաբերած է նախարարութեան եւ մարզական ֆետերասիոններուն մտավախութիւններուն հանդէպ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ազգային խումբերուն, «սակայն ցաւօք ան որեւէ բացառութիւն անընդունելի նկատեց` ամբողջական փակումին ընթացքին եւ ինչ ալ ըլլան պատճառները: Տիապ պնդեց, որ երկրին տարբեր մարզերուն վերաբերող որոշումները կը վերաբերին նաեւ մարզական ոլորտին: Ան հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին տարածման դէմ պայքարը առողջապահական կացութիւնը վերածած է առաջնահերթութեան», ըսաւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան` աւելցնելով, որ այս թղթածրարը վերստին պիտի քննարկուի 8 փետրուար 2021-էն ետք:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Աքըր Դատապարտեց Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Ցուցարարներուն Անվտանգութիւնը Ապահովելու Յանձնառութիւն Յայտնեց

RelatedPosts

Լիբանանցիները Ահ Ու Սարսափի Մատնուեցան  Երկիրը Ցնցող Երկրաշարժին Ու Անոր  Յետցնցումներուն Պատճառով
Լիբանանեան

Լիբանանցիները Ահ Ու Սարսափի Մատնուեցան Երկիրը Ցնցող Երկրաշարժին Ու Անոր Յետցնցումներուն Պատճառով

Փետրուար 7, 2023
Թարեք Պիթար. «Ռաուլ Նաամէէն  Ոչ Մէկ Նամակ Ստացած Եմ»
Լիբանանեան

Պիթար Հարցաքննութիւնները Յետաձգեց

Փետրուար 7, 2023
Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Նախարարներուն  Մասնակցելու Կառավարութեան Նիստերուն`  Ընդգծելով Անոնց Անհրաժեշտութիւնը
Լիբանանեան

Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Նախարարներուն Մասնակցելու Կառավարութեան Նիստերուն` Ընդգծելով Անոնց Անհրաժեշտութիւնը

Փետրուար 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In