Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Նախագահ Աուն Երեսփոխան Միշել Մըրի Մահուան Սուգին Առիթով Ցաւակցութիւն Յայտնեց Էլիաս Մըրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին նախարար Էլիաս Մըրի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց անոր հօր` երեսփոխան Միշել Մըրի մահուան սուգին առիթով: Աուն ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ իր աշխուժ դերակատարութենէն ետք Միշել Մըր յաւիտեան բացակայութիւն պիտի ըլլայ: Նախագահ Աուն Յանձնառու Է Նախարարները Նշանակելու Իր Իրաւունքին Միւս կողմէ, նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն...

Հասսան Տիապը Ներկայացնող  Պատուիրակութիւն Մը Կ՛ուղղուի Թրիփոլի

Հասսան Տիապը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Կ՛ուղղուի Թրիփոլի

Թրիփոլիի մէջ երէկ տիրեց համեմատաբար աւելի հանդարտ կացութիւն` նկատի ունենալով, որ ցուցարարները խումբ առ խումբ ժամանակաւոր կերպով փակեցին Նուր հրապարակը, Քըպպէի մայրուղին, Միաթէյնի խաչմերուկը, սակայն անոնք մեծ թիւերով չներկայացան հրապարակ եւ խափանարարական արարքներ, որոնց կարգին նաեւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն հետ բախումներ, չունեցան: Միւս կողմէ, հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայացուցիչ, Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Խէյր եւ Տիապի...

Դիմադրութիւնը Վար Առած Է Իսրայէլեան  Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Դիմադրութիւնը Վար Առած Է Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութիւնը երէկ առաւօտեան վար առած է իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը, որ խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները` հասած էր Պլիտայի վերեւ: Նշենք, որ այս մասին պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ նաեւ իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի, որ յայտնեց, թէ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ջախջախուած է` հաստատելով, որ...

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ  Բացայայտեց Պայթուցիկ  Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Արսալի Մէջ. Բանակը 18 ՏԱՀԵՇ-ականներ Կը Ձերբակալէ

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին իր կատարած հետապնդումներուն շրջագիծին մէջ ձերբակալած է 18 անձեր` լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ, որոնք կը գործեն ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան հաշուոյն եւ անոր ցանցերուն շրջագիծին մէջ: Ձերբակալեալները հաստատեցին, որ իրենք ՏԱՀԵՇ-ական են եւ ՏԱՀԵՇ-ի հրահանգներուն ենթակայ են, ինչպէս նաեւ կը ծրագրէին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել: Բանակի գաղտնի...

Պըրրի Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց  Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները

Պըրրի Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուած ցամաքային, օդային եւ ծովային ոտնձգութիւնները` Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ: Անոնք հաստատեցին, որ այդ խախտումները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտումներ են: Պըրրի շեշտեց սահմանագծումի բանակցութիւններուն վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ...

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Գուժէ Միշել Մըրի Մահը

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Գուժէ Միշել Մըրի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի գուժեց երեսփոխան Միշել Մըրի մահը` դիմատետրեան իր էջին ընդմէջէն կատարելով հետեւեալ գրառումը. «Երեսփոխան Միշել Մըրի կորուստով Լիբանան կը կորսնցնէ իր արդի պատմութեան հիմնասիւներէն մէկը եւ բառին իսկական իմաստով պետական անձնաւորութիւն մը: Ան Մարդ անձնաւորութիւնն է, բարեկամը, մտերիմն ու հաւատարիմը: Միշել Մըրի մահով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ բարեկամ մը, որ շուրջ 55 տարի...

Երեսփոխան Միշել Մըր Մահացաւ

Երեսփոխան Միշել Մըր Մահացաւ

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց երեսփոխան Միշել Մըր, որ նախապէս ստանձնած է փոխվարչապետի, ներքին գործոց նախարարի, պաշտպանութեան նախարարի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի եւ բնակարանային հարցերու նախարարի պաշտօնները: Ան նախագահած է 14 խորհրդարանական յանձնախումբերու, որոնք ունէին ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի բնոյթ: Մասնակցած է նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերու: 89 տարեկան Միշել Մըր իր կեանքին 60 տարիները անցուցած է լիբանանեան ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն...

Թրիփոլիի Մէջ Երէկ Գիշեր Ցուցարարներ  Դարձեալ Քարկոծեցին Սերայն Ու Լիբանանեան Բանակը

Թրիփոլիի Մէջ Երէկ Գիշեր Ցուցարարներ Դարձեալ Քարկոծեցին Սերայն Ու Լիբանանեան Բանակը

Թրիփոլիի հետ զօրակցութեան պիտակին տակ երէկ կէսօրին մեծ թիւով ցուցարարներ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն ուղղուեցան Թրիփոլիի «Նուր» հրապարակ: Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց «Նուր» հրապարակին վրայ եւ փակեց հրապարակ տանող բոլոր ճամբաները` կացութիւնը իր հակակշիռին տակ պահելու նպատակով: Յետմիջօրէին արդէն իսկ Թրիփոլի հասած ցուցարարները, որոնք հրապարակին վրայ իրենց բողոքի ցոյցը սկսած էին, քանի մը ժամ ետք` երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին...

Մաքրոն Նախագահ Աունին Յայտնեց  Ֆրանսայի Մնայուն  Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Մաքրոն Նախագահ Աունին Յայտնեց Ֆրանսայի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն մէջ: Ան Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանին օժանդակելու գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, ի մասնաւորի` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց...

Զօր. Տել Քոլ Քոխաֆիի Հետ Քննարկեց  Հարաւային Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը

Զօր. Տել Քոլ Քոխաֆիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Ավիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Քոխաֆի հանդիպում մը ունեցած է Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է հարաւային Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պարտականութիւնը, Հըզպալլայի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով արձանագրած խախտումներն ու լիբանանեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնը եթէ չբարելաւուի, կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն կազմել: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ կառավարութեան կազմի իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ, եթէ իրաւական հաշուեքննութիւնը անոր աշխատանքին առանցքը չկազմէ: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ...

Յ. Բագրատունի Ընդվզում Կը Յայտնէ Ներքին  Ապահովութեան Ուժերուն Թրքերէնի Ուսուցման  Առցանց Դասընթացքին Առնչութեամբ

Յ. Բագրատունի Ընդվզում Կը Յայտնէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Թրքերէնի Ուսուցման Առցանց Դասընթացքին Առնչութեամբ

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Իմատ Օսման շրջաբերական մը յղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն եւ զինուորներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէնի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին: Այս շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ` իր զարմանքը յայտնելով այս տարօրինակ որոշումին առնչութեամբ:...

Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Դատապարտուին Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պատասխանատուներու Կողմէ, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հետաքննութիւնը` Բացայայտելու Համար Սադրիչները

Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Դատապարտուին Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պատասխանատուներու Կողմէ, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հետաքննութիւնը` Բացայայտելու Համար Սադրիչները

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին խումբ մը ցուցարարներ փակեցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը` զոյգ ուղղութիւններով: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս հասաւ հրապարակ եւ փորձեց ցրուել ցուցարարները, որոնք քարկոծեցին բանակայինները, ինչպէս նաեւ քանդեցին շրջանին մէջ գտնուող դրամատան մը ցուցափեղկը: Երկու ժամ ետք Նուր հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն թիւը բազմացաւ, եւ անոնց մէկ մասը սկսաւ քարկոծել Թրիփոլիի սերայը: Բանակը կարծր կերպով միջամտեց` կասեցնելու ցուցարարներուն ընթացքը եւ...

Նախագահ Աուն Նախագահեց Ընկերային  Ապահովութեան Ցանցի Ֆինանսաւորման Ծրագիրը  246 Միլիոն Տոլարի Վարկով Մեկնարկելու Նիստին

Նախագահ Աուն Նախագահեց Ընկերային Ապահովութեան Ցանցի Ֆինանսաւորման Ծրագիրը 246 Միլիոն Տոլարի Վարկով Մեկնարկելու Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ընկերային ապահովութեան ցանցի ֆինանսաւորման ծրագիրը Միջազգային դրամատան տրամադրած 246 միլիոն տոլարի վարկի հիման վրայ մեկնարկելու քայլը` ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէի, Միջազգային դրամատան Արեւելքի շրջանի տնօրէն Սարուժ...

Զօր. Աուն Շնորհաւորեց  Բանակայինները

Զօր. Աուն Շնորհաւորեց Բանակայինները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Նոր տարուան առիթով նամակ մը յղեց բանակայիններուն` հաստատելով, որ քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ առողջապահական առումով անցեալ տարի մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւած էր բանակը եւ միշտ իր բաժինը ստացած` հրամցուած լեղի բաժակէն: Զօր. Ժոզեֆ Աուն զինուորականներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Լիբանանեան բանակը իր հարցերն ու մտահոգութիւնները մէկդի դրած ամէն ջանք ի գործ դրած էր...

Թրիփոլիի Մէջ   Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ  Բախումները Կը Շարունակուին

Թրիփոլիի Մէջ Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Թրիփոլիի մէջ չորրորդ օրն ըլլալով տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Երէկ առաւօտեան Թրիփոլին արթնցաւ նախանցեալ գիշերուան ցոյցերուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած երիտասարդ Օմար Ֆարուք Թիպայի մահուան գուժով, որուն իբրեւ հետեւանք ցուցարարները յաւելեալ ընդվզումով ուղղուեցան «Նուր» հրապարակ, ուրկէ անոնք ուղղուեցան շրջանի պետական անձնաւորութիւններուն բնակարանները եւ փորձեցին խափանարարական արարքներ կատարել: Ցուցարարները ուղղուեցան Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան...

Նախագահ Աուն Նաժըմի Հետ  Քննարկեց Արդարութեան  Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Նաժըմի Հետ Քննարկեց Արդարութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ դատարաններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութեան վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ բոլորովին աղքատ ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու թղթածրարը:  

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի  Ելեկտրոնային Հարթակին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Ելեկտրոնային Հարթակին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Առողջապահութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Համատ Հասան եւ Մանալ Ապտել Սամատ երէկ առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին մեկնարկը կատարեցին ելեկտրոնային հարթակին: Հասան հաստատեց, որ իրենց նպատակն է ճշգրիտ տեղեկութիւնները հաղորդել քաղաքացիներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք կը համագործակցին կառավարութեան նախաձեռնութեան հետ` հաւաքական դիմադրողականութիւն ապահովել կարենալու, որպէսզի այդ ձեւով պայքարին «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ: Հասան յայտնեց, որ յառաջիկայ...

Պըրրի Իպրահիմի Եւ Աքըրի Հետ Քննարկեց  Քաղաքական Եւ Ապահովական Իրադարձութիւնները

Պըրրի Իպրահիմի Եւ Աքըրի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Եւ Ապահովական Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակին վերաբերող զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել: Պըրրի քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը քննարկեց նաեւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրի հետ:

Տիապ Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Օդուժին Գործած Ոտնձգութիւնները

Տիապ Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Օդուժին Գործած Ոտնձգութիւնները

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որ Տիապի ներկայացուց հարաւի մէջ տիրող կացութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Տիապ անդրադարձաւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ուժերուն ձեռնարկած ընդվզեցուցիչ գործողութիւններուն, ինչպէս` հովիւներու առեւանգում, հօտերու գրաւում եւ այլն: Տիապ պահանջեց, որ վերջ տրուի Իսրայէլի գործած...

Page 438 of 988 1 … 437 438 439 … 988

Արխիւներ