Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Հսկեն Երկրին Ամբողջական Փակումին

January 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ամբողջական փակումը կը շարունակուի ժողովուրդին կողմէ անոր հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութեամբ, որ օրըստօրէ թուլացում կ՛արձանագրէ` նկատի ունենալով փակումը խախտող քաղաքացիներուն դէմ Ներքին ապահովութեան ուժերուն արձանագրած տուգանքները:

Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 3010 նոր վարակուածներ եւ 50 մահացածներ:

Առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակին արձանագրած արագ տարածումին պատճառը բրիտանական տեսակի «Քորոնա» ժահրին գոյութիւնն է` աւելցնելով նաեւ, որ Լիբանան հասած են նաեւ պրազիլական, դանիական եւ ափրիկեան տեսակի «Քորոնա» ժահրերը:

Իր կարգին, հանրապետութեան նախագահի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ պատուաստումի պարագային առաջնահերթութիւն պիտի նկատուին բժիշկներն ու հիւանդապահները եւ 75 տարիքը ամբողջացուցած տարեցները:

Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ 27 յունուար 2021-էն սկսեալ Լիբանան հասնող ճամբորդները ստիպուած պիտի չըլլան պանդոկային մեկուսացման, որովհետեւ անիկա պիտի փոխարինուի բնակարանային մեկուսացումով, որուն պիտի հսկեն քաղաքապետարանները` առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար:

Մինչ տնտեսագէտ Էլի Եաշուհի յայտնեց, որ երկրին ամբողջական փակումը Լիբանանին մէկ միլիառ 800 միլիոն տոլարի վնաս պիտի պատճառէ, «Սփինիզ» հանրախանութներու ցանցի ընդհանուր տնօրէն Հասսան Իզէտտին վերստին կոչ ուղղեց ամբողջական փակումի բացառութիւններուն մէջ հանրախանութները նկատի ունենալու, նախքան աղէտ մը պատահիլը:

Իզէտտին ընդգծեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ հանրախանութները բաց մնացին արտակարգ իրավիճակներուն ընթացքին` աւելցնելով, որ այս ընթացքին Լիբանանի սննդեղէնի անվտանգութիւնը վտանգի ենթակայ է:

Նախորդը

Ռայի. «Լիբանանցի Ղեկավարնե՛ր, Դուք Աստուծմէ Կը Վախնա՞ք»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Թեկնածուն Կը Վերահաստատէ Պայտընի` Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Խոստումը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.