Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդուժը Թռիչքներ  Կը Գործէ Լիբանանի Վերեւ

Իսրայէլեան Օդուժը Թռիչքներ Կը Գործէ Լիբանանի Վերեւ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին թռիչքներ գործեց ամբողջ Լիբանանի վերեւ: Կէսօրուան ժամերուն Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ կատարած իր ցած մակարդակի թռիչքներէն ետք ան իր կործանիչներով թռիչքներ գործեց նաեւ Պեքաայի, յատկապէս լիբանանեան արեւելեան եւ արեւմտեան լեռնաշղթաներուն վերեւ:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ ինք Ղատա Արիտին նշանակած է Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն: Ան շեշտեց, որ այդ որոշումը օրինական է եւ նախարարին իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ այդ որոշումը տուած է հիմնուելով խորհրդատուութիւններու եւ օրէնսդրական խորհուրդին տեսակէտներուն հիման վրայ: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու Հերմելի զօրամասը շաբաթ օր յայտնեց, թէ չորս ձերբակալեալ յանցագործներ փախուստ տուած են...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Որոշումները Արգելակող Մէկ Երրորդ Չէ Պահանջած

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Վերջերս շատ են այն վերլուծումները, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան կազմութեան առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքին, անիկա ներկայացնելով իբրեւ արգելակող խոչընդոտ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին: Այդ յօդուածներուն եւ վերլուծումներուն պատասխանելու նպատակով նախագահական պալատը կը յստակացնէ հետեւեալը. 1- Նախագահ Աուն կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի բաժին չէ պահանջած` կազմուելիք նախարարաց խորհուրդին մէջ: 2-...

Ֆահմի. «Հըզպալլայի Ապազինման Հարցը  Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Ընթացքին  Քննարկուելիք Թղթածրար Է, Իսկ Ապահովական  Միջադէպերու Հաւանականութեամբ Մտահոգ Ենք»

Ֆահմի Բարձր Գնահատեց Երեսփոխան Բագրատունիի Կեցուածքը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի «Հատիս էլ Սաա» յայտագիրին ընդմէջէն կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անդրադարձաւ «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ անոր տարածումը մասամբ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով Լիբանանը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին գործադրութեան: Ֆահմի ընդգծեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը եւ այդ շրջագիծին մէջ անդրադարձաւ արտակարգ իրավիճակը պահպանելու անհրաժեշտութեան` բնակարանային մեկուսացման միջոցով:...

Տիապ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը  Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Տիապ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի համար շարք մը միացեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ յօգուտ Լիբանանի ՄԱԿ-ի ի գործ դրած ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել երկրին տագնապները: Տիապ դրուատեց Կութիերեսի նախաձեռնութիւնները` Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով, եւ ընդգծեց Լիբանանի պետական հիւանդանոցները վերանորոգելու անհրաժեշտութիւնը` «Քորոնա» համաճարակին լոյսին տակ: Տիապ...

Լիբանանի Ամբողջական Փակումին Լոյսին Տակ  «Քորոնա» Ժահրով Մահացածներուն  Թիւը Կը Մնայ Բարձր

Լիբանանի Ամբողջական Փակումին Լոյսին Տակ «Քորոնա» Ժահրով Մահացածներուն Թիւը Կը Մնայ Բարձր

Լիբանանի ամբողջական փակումը կը շարունակուի` ժողովուրդին կողմէ անոր հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութեամբ: Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 3220 նոր վարակուածներ եւ 57 մահացածներ: Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներ մնայուն կերպով հարց կու տան, թէ նախապէս «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ կամ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած քաղաքացիներ նաեւ ստիպուած են...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով.  Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Մարզական Ֆետերասիոններուն Հետ Քննարկեց Յառաջիկայ Փուլին Հեռանկարները

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ համացանցի «Զում» յաւելուածին ընդմէջէն մարզական ֆետերասիոններուն հետ քննարկեց յառաջիկայ փուլին հեռանկարները: Առցանց հանդիպումին միացան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրետի Քէյրուզ եւ ընդհանուր քարտուղար Լոր Նասսար եւ նախարարութեան մարմնակրթութեան հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Օուէյտաթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան մրցաշարքերուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ...

Աքըր Այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի  Բանակի Զօրամասերը

Աքըր Այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի Բանակի Զօրամասերը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ այցելեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի զօրամասերը: Աքըր այցելութիւնը սկսաւ «Հաննա Ղըսթին»-ի անուան բանակի զօրանոցէն, ապա Արաման, թիւ 23 զօրամաս եւ 12-րդ ջոկատի զօրամաս: Աքըր ներկայ գտնուեցաւ նշանառութեան փորձերուն, ներխուժման եւ ռազմական այլ գործողութիւններու փորձերու: Ան բոլոր ջոկատներուն մէջ հանդիպումներ ունեցաւ պատասխանատու սպաներուն հետ եւ զեկուցումներ լսեց անոնց կատարած պարտականութիւններուն, ինչպէս նաեւ...

Ուեհպէ Յորդանանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Արտադրութիւնները Յորդանանի Ճամբով  Արտածելու Դիւրութիւններ Ընձեռելու Հարցը

Ուեհպէ Յորդանանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Արտադրութիւնները Յորդանանի Ճամբով Արտածելու Դիւրութիւններ Ընձեռելու Հարցը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Ապտել Ռահման Ժաֆալ Հատիտի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու գումարելիք արտակարգ նիստը, որ պիտի ընդգծէ Պաղեստինեան դատը երկու երկիրներու սկզբունքով, ինչպէս նաեւ 2002-ին` Պէյրութի վեհաժողովին ընթացքին ներկայացուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան հիման վրայ լուծելու կարեւորութիւնը: Քննարկումներուն ընթացքին Ուեհպէ անդրադարձաւ...

Ուեհպէ Յորդանանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Արտադրութիւնները Յորդանանի Ճամբով  Արտածելու Դիւրութիւններ Ընձեռելու Հարցը

Քիւպիչի Հրաժեշտի Այցելութիւնները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Քիւպիչ հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ նաեւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի, հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի եւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը վար առած են անօդաչու թռչող սարք մը, որ խախտած է լիբանանեան գերիշխանութեան սահմանները: Ան հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի արգիլեն Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատուող որեւէ արարք: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի արտօնէ, որ MSC MASHA 3 չինական նաւը կանգ առնէ Պէյրութի նաւահանգիստին...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով.  Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Արդէն Իսկ Լքուած Ու Փտած Մարզական Կառոյցները Պահեստանոցի Վերածելը Ոճիր Է»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու պետական շտապի նիստին ընթացքին ցաւ յայտնեց մարզական կառոյցներուն պարզած անխնամ վիճակին եւ զանոնք պահեստանոցներու վերածելու իրականութեան համար: «Բաւարար չէ՞, որ անցեալ տարի եւ մինչեւ օրս մարզական ֆետերասիոնները զրկուեցան իրենց նիւթական օժանդակութիւններէն, որոնք արդէն իսկ նուազագոյնը կը նկատուին` պետութեան մը կողմէ մարզական ոլորտին համար յատկացուելիք գումարներուն իմաստով: Իսկ...

Երկրին Ամբողջական Փակումը  Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 8 Փետրուար

Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 8 Փետրուար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիներուն կողմէ երկրին ամբողջական փակումին նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը դրական էր եւ բարձր համեմատութիւն արձանագրեց, հակառակ կարգ մը խախտումներու, որոնք լուծման կարիք ունին: «Ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուած վարակուածներու եւ մահացածներու մեծ համեմատութիւնը մեզի կը մղէ երկարաձգելու երկրին ամբողջական...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պայտընը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պայտընը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` անոր փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները` Միացեալ Նահանգներու նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով: «Կը փափաքիմ ձեզի հետ գործակցիլ փոխադարձ ըմբռնումի եւ յարգանքի հիման վրայ` կառչած մնալով ճշմարտութեան, պարկեշտութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներուն, որոնք կը բաժնեկցինք ամերիկացի բարեկամ ժողովուրդին հետ, եւ որուն յստակօրէն ակնարկեցիք` երդման արարողութեան ընթացքին», կը նշէ...

Լիբանան Կը Դատապարտէ Պաղտատի  Պայթումները

Լիբանան Կը Դատապարտէ Պաղտատի Պայթումները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի հետ եւ իր, խորհրդարանին ու լիբանանցի ժողովուրդին անունով դատապարտեց Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատը թիրախ դարձուցած զոյգ պայթումները: Պըրրի ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն համար, իսկ վիրաւորներուն մաղթեց ապաքինում: Պըրրի նոյնանման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիի ներկայացուցիչ հաժ Համետ...

Պիլ Շահին. «Փտածներուն Հեռացումը  Նախապայման` Լիբանանի Օժանդակութեան»

Պիլ Շահին. «Փտածներուն Հեռացումը Նախապայման` Լիբանանի Օժանդակութեան»

Լիբանանեան ծագումով ամերիկացի իրաւաբան Պիլ Շահին, որ մտերիմ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պայտըն անձնաւորութիւն մըն է, որ կը փափաքի գործակցիլ պարկեշտ, պատասխանատու եւ աշխատասէր մարդոց հետ: «Ան կ՛ատէ փտածութիւնը, ուր եւ որ երկրին մէջ, որ ալ ըլլայ անիկա», ըսաւ Շահին: Ան աւելցուց, որ Պայտըն կը փափաքի իր երկրին եւ աշխարհին համար կատարել...

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ  Բացայայտեց Պայթուցիկ  Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Պուտայի Մէջ Բանակը Կը Ներխուժէ Թմրեցուցիչի Գործարան Մը

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 21 յունուար 2021-ին Պեքաայի Պուտայ շրջանին մէջ ներխուժած է գործարան մը, ուր «Քեփթակոն»-ի դեղահատեր կը պատրաստուէին, եւ մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ գոյութիւն ունէր: Բանակը ձերբակալած է մեծ թիւով կասկածելիներ, եւ համապատասխան դատական ատեանին կողմէ բացուած է հետաքննութիւն: Նշենք, որ Պուտայի մէջ ձերբակալութիւններ կատարելու ընթացքին բանակին եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ...

Ժահժահ. «Պէտք Է Կազմել Ընդդիմութեան Ուժ Մը,  Որ Խորհրդարանական Կանխահաս  Ընտրութիւններ Կազմակերպէ»

Ժահժահ. «Պէտք Է Կազմել Ընդդիմութեան Ուժ Մը, Որ Խորհրդարանական Կանխահաս Ընտրութիւններ Կազմակերպէ»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ներկայիս Լիբանանեան ուժերուն կատարած հաղորդակցութիւններուն նպատակն է անյապաղ կազմել քաղաքական ընդդիմութիւն` յառաջ մղելու համար խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու կարելիութիւնը: «Պէտք է կազմակերպել խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ ձեւաւորել խորհրդարանական տարբեր մեծամասնութիւն, որմէ պիտի վերածնի նոր իշխանութիւն մը` նախագահական ընտրութիւններով եւ փրկութեան կառավարութեան...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը  Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը. Կը Նախատեսուի  Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգել

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը. Կը Նախատեսուի Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին ընդհանուր գնահատականը պիտի կատարուի երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին, ինչպէս նաեւ պիտի քննուի «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապին ուղարկած յանձնարարութիւնը: Կը նախատեսուի երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգել: Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական...

Նախագահ Աուն Նախագահեց Նիստի Մը` Իրաւական  Հաշուեքննութեան Առումով «Ալվարեզ Էնտ Մարսըլ»  Ընկերութեան Հետ Համաձայնութիւնը  Արագացնելու Նպատակով

Նախագահ Աուն Նախագահեց Նիստի Մը` Իրաւական Հաշուեքննութեան Առումով «Ալվարեզ Էնտ Մարսըլ» Ընկերութեան Հետ Համաձայնութիւնը Արագացնելու Նպատակով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ այն գործիքակազմը, որուն համաձայն, կարելի է «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան հետ իրաւական հաշուեքննութիւնը ստանձնելու համաձայնութիւնը արագացնել` նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին տուած որոշումին համաձայն, դրամատնային գաղտնիութեան...

Page 440 of 988 1 … 439 440 441 … 988

Արխիւներ