Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուեհպէ Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը

Յունուար 26, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց Քիրկէօզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին վերաբերող Զուիցերիոյ ընդհանուր դատախազութեան պահանջները:

Հանդիպումէն ետք Ուեհպէ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են: Անդրադառնալով դատական իշխանութիւններուն վերաբերող թղթածրարներուն` Ուեհպէ մաղթեց, որ լրատուամիջոցները այդ լուրերուն անդրադառնան այնպէս, ինչպէս որ են անոնք, առանց յաւելումներու եւ զեղչումներու:

«Լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն ներկայացուած է զուիցերիական դատական իշխանութիւններէն պահանջ մը, որուն մանրամասնութիւններէն տեղեակ չեմ, սակայն դեսպանը զայն ներկայացուցած է արդարութեան նախարարութեան: Կը մաղթեմ, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները կատարեալ ազատութեամբ եւ անկախութեամբ սերտեն այդ հարցը եւ համապատասխան լուծումներու յանգին», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախքան հանդիպումը Ուեհպէ յայտնեց, որ դեսպանը իրմէ խնդրած էր ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանդիպում մը ճշդել:

Ուեհպէ նկատել տուաւ, որ եթէ Սալամէի վերաբերող թղթածրարը լուրջ չըլլար, ապա Զուիցերիոյ եւ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն միջեւ պաշտօնական նամակագրութեամբ տեղեկութիւններ չէին փոխանակուեր:

«Չեմ բացառեր, որ զուիցերիական դատական իշխանութիւնները ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունենան այս թղթածրարին վերաբերեալ եւ այդ պատճառով ալ դատական լուրջ հոլովոյթի սկսին», յայտնեց ան:

ՄԻՒՍ կողմէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ յայտարարուած բոլոր թիւերը անճիշդ են եւ ուռճացած: «Անոնք իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին եւ կը միտին աղաւաղել Կեդրոնական դրամատան ու անոր կառավարիչին պատկերը», ըսաւ ան:

Սալամէ յայտնեց, որ ամբողջական թղթածրարը լիբանանեան եւ զուիցերիական դատական իշխանութիւններուն դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ այս պարագային կարելի չէ գործադրել ժողովրդային այն առածը, որուն համաձայն, ստելով կարելի է ժողովուրդին միտքին մէջ տպաւորութիւն մը ձգել: «Ասիկա այդ դէպքը չէ, որովհետեւ ելեւմտական թղթածրարներու պարագային իրականութիւնները փաստաթուղթերով կը ներկայացուին», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Մարզական Ֆետերասիոններուն Արտաքին Յանձնառութիւնները Ամբողջացնելու Նպատակով` Նախարարութիւնը Առաւելագոյն Չափով Պիտի Օժանդակէ Ֆետերասիոններուն» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?