Երկրին ամբողջական փակումին դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու եւ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ, ուր ցոյցերը դարձեալ վերածուեցան բախումներու` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Այս մասին նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի ցոյցերուն ետին կրնան գտնուիլ կողմեր, որոնք կը փափաքին քաղաքական պատգամներ ուղղել: Ան աւելցուց, որ կրնան նաեւ գտնուիլ ոմանք, որոնց նպատակն է չարաշահել ժողովուրդին ցաւն ու համեստ դասակարգին ապրուստի տագնապը:
Հարիրի յայտնեց, որ շուկաներն ու պետական հաստատութիւնները քանդելը արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ կրնայ ունենալ եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է նման քայլ բացատրել` իբրեւ բողոք երկրին ամբողջական փակումին դէմ: «Միւս կողմէ, սակայն, կարելի չէ անտեսել այն իրականութիւնը, որ չկան իրենց օրուան հացը փնտռող քաղաքացիներ, եւ այս իմաստով պետութիւնը դիտորդի դերին մէջ չի կրնար մնալ, այլ` պէտք է նախաձեռնէ կարիքաւոր ընտանիքներուն հատուցումներ ապահովելու», ըսաւ ան:
Հարիրի պետութենէն եւ բոլոր նախարարութիւններէն պահանջեց ժողովուրդին օժանդակել, որպէսզի անիկա կարենայ դիմանալ երկիրը ամբողջական կերպով փակ պահելու որոշումին:
Հարիրի ընդգծեց, որ ամբողջական փակումը քաղաքացիներուն ապահովութեան օգտին տրուած որոշում մըն է, որովհետեւ անիկա կը միտի քաղաքացիները «Քորոնա»-ի համաճարակէն պաշտպանել: «Այդ որոշումին նկատմամբ նախանձախնդիր պէտք է ըլլալ եւ պատասխանատու` պաշտպանելու համար ընկերութեան առողջութիւնը», ըսաւ Հարիրի:
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները սկսած էին հաւաքուիլ «Նուր» հրապարակին վրայ` իրենց հետ ունենալով լիբանանեան դրօշներ:
Անոնք լուտանքներ արձակեցին լիբանանցի պատասխանատուներու դէմ եւ պահանջեցին փտածները հաշուետուութեան ենթարկել:
Միաժամանակ մեծ թիւով երիտասարդներ համախմբուեցան Թրիփոլիի սերային դիմաց եւ քարկոծեցին սերայը` Ներքին ապահովութեան ուժերուն ներկայութեան:
Ժամ մը անց ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բուռն բախումներ, երբ բողոքի ալիք բարձրացնող ցուցարարներէն ոմանք սերային կից գտնուող պահակին յատուկ սենեակը հրկիզեցին եւ սկսան սերայը քարկոծել:
Ապահովութեան ուժերը արցունքաբեր կազերով եւ ջրցան մեքենաներով փորձեցին ցրուել ցուցարարները, սակայն անոնց ջանքերը երկար ատեն ձախողութեան մատնուեցան:
Աւելի ուշ անոնք օդը կրակեցին` ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք Թրիփոլիի սերայը մոլոթովներու թիրախ դարձուցին:
Ապահովութեան ուժերը յաւելեալ զօրամասերով ամրացուցին իրենց դիրքերը Թրիփոլիի մէջ, մինչ բախումները շարունակուեցան:
Ներքին ապահովութեան ուժերը երեկոյեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումով մը յայտնեցին, որ ապահովութեան ուժերուն դէմ արձակուած ռումբերը ձայնային ռումբեր կամ մոլոթովներ չեն, այլ` ձեռնառումբեր, որոնցմէ վիրաւորուած են ապահովութեան ուժերու 9 անդամներ, որոնցմէ 3-ը` սպաներ:
Լիբանանեան Կարմիր խաչը 8 խումբերով աշխատեցաւ վիրաւորները տեղւոյն վրայ դարմանել կամ «Նուր» հրապարակէն հիւանդանոց փոխադրել: Կարմիր խաչը 35 վիրաւորներ փոխադրեց հիւանդանոց եւ 67 ուրիշներ տեղւոյն վրայ դարմանեց:
Լիբանանեան բանակի «Նուր» հրապարակ մուտք գործելէն ետք, Թրիփոլիի մէջ խաղաղութիւնը որոշ ժամանակի համար վերահաստատուեցաւ, սակայն երեկոյեան ժամը 11:00-ին հրապարակին կից թաղերուն մէջ բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երեքշաբթի, 26 յունուար 2021-ի գիշերը Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներուն հետ արձանագրուած բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան 31 բանակայիններ, ինչպէս նաեւ վնասուեցան զինուորական սարքեր եւ զրահապատներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը ձերբակալեց 5 յանցագործներ եւ զանոնք յանձնեց համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:
Աւելցնենք, որ երէկ բողոքի ցոյցեր եւ ճամբաներու փակումներ արձանագրուեցան նաեւ Սայտայի Էլիա հրապարակին եւ Կեդրոնական դրամատան կեդրոնին դիմաց, Տահր Պայտարի մայրուղիին վրայ, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի «Խալիլ Մըթրան» հրապարակին վրայ:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին Սայտայի Էլիա հրապարակին վրայ ցուցարարներուն թիւը սկսաւ բազմանալ: Անոնք բողոքեցին երկրին տնտեսական տագնապին, ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումին, սղաճին եւ երկիրը ամբողջութեամբ փակելու որոշումին դէմ:
Երկու ժամ ետք ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ լարուածութիւն արձանագրուեցաւ, երբ բանակը արգիլեց ցուցարարներուն կողմէ ճամբայ փակելու փորձերը:
Ուշ երեկոյեան Ներքին ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, որ Պեքաայի մէջ ցուցարարներ փակած են Մասնաայի, Թաալպայայի, Ժտիթայի եւ Մարժի ճամբաները:
Գիշերուան ժամը 10:45-ին, ցուցարարներ անիւներ հրկիզեցին Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, վարչապետարանի պատին կից:
Կէս գիշերին հաղորդուեցաւ, որ ձեռնառումբ մը նետուած է Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի Թրիփոլիի բաժինի պետին ինքնաշարժին վրայ: Ան եւ իր թիկնապահները փոխադրուած են հիւանդանոց, տարբեր տեսակի վէրքեր ստացած ըլլալու պատճառով:
Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութիւնը Կը Յայտարարէ
Պատուաստումի Իր Ծրագիրին Մասին
Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ երէկ առաւօտեան սկսաւ ժողովներու շարք մը, որ աւարտեցաւ երեկոյեան:
Այդ նիստերէն ետք յայտարարուեցաւ կառավարութեան` Լիբանանի մէջ պատուաստումի ծրագիրը:
Նիստերուն ներկայ գտնուեցան ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Հասսան Տիապ եւ նախարարի պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքըր, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Միշել Նաժժար, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Համատ Հասան, Թալալ Հաուաթ եւ Շարպել Ուեհպէ, ինչպէս նաեւ առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի ազգային յանձնախումբի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի, ինչպէս նաեւ բժիշկներ, դեղագործներ, հիւանդապահներ, տարրալուծարաններու պատասխանատուներ, Լիբանանի Կարմիր խաչի, Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, Միջազգային դրամատան եւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ներկայացուցիչներ:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ներկայացուց պատուաստումի ծրագիրը` հաստատելով, որ անոր նպատակն է 2021-ին ընթացքին լիբանանցիներուն 80 առ հարիւրը պատուաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ համաճարակին տարածումը հաւասարակշռել եւ լիբանանցիները փրկել: Ան աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը անվճար կերպով պիտի տրամադրէ պատուաստը լիբանանցիներուն:
Իր կարգին, Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ պատուաստումին նպատակն է ընկերութիւնը պաշտպանել այդ համաճարակէն:
Ասեմ Արաժի նկատել տուաւ, որ պատուաստումը չի նշանակեր, որ «Քորոնա» համաճարակին նախազգուշական քայլերը պէտք է մեղմացնել:
Հասսան Տիապ նախագահեց նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարող պետական շտապի նիստին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ առողջապահական շտապի ծրագիրը պէտք է անմիջապէս գործադրել:
Տիապ հաստատեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ երկրին ամբողջական փակումին երկարաձգումը, եթէ վարակուածներուն թիւը յաւելեալ աճ արձանագրէ: Ան ընդգծեց առողջապահական եւ տնտեսական կացութիւնները հաւասարակշռելու կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ երեկոյեան Տիապ նախագահեց այլ նիստի մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ արագացնել կարիքաւոր ընտանիքներուն համար 400 հազար լ. ոսկիի հատուցման փոխանցումը:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստումի ծրագիրի մեկնարկումին առընթեր կը հաստատէ, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի պատուաստները կարելի եղածին չափ մեծ թիւով լիբանանցիներու տրամադրելու` ամէնէն մօտիկ ապագային, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանութեան աշխուժ միջոցներ ապահովել` այս համաճարակին դէմ:
Երէկ երեկոյեան առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութիւնը հաստատեց, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 3906 նոր վարակուածներ եւ 76 մահացածներ: