Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ դատական հարց յարուցեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, ինչպէս նաեւ դրամատուներու քննիչ յանձնախումբի նախագահին դէմ` զանոնք ամբաստանելով իրենց պաշտօնը անփոյթ կերպով կատարելու եւ անոնց վստահուած պատասխանատուութիւնը շահագործելու յանցանքով:
Ղատա Աուն դատական հարց յարուցեց նաեւ ամերիկեան տոլար ներածող ընկերութեան սեփականատէր Մ. Մ.-ի եւ լումայափոխ Օ. Ֆ.-ի դէմ` զանոնք ամբաստանելով վարչական որոշում մը խախտելու յանցանքով: Աուն անոնց թղթածրարները ուղարկեց Լեռնալիբանանի Աւագ քննիչ դատախազ Նիքոլա Մանսուրին` զանոնք հարցաքննելու համար: