Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթոնէն` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Աքըրի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթըն Լոնկտըն: Քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտնեց, որ ինք կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան առումով իր ճիգերը` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանեան մամուլին կամ լրատուամիջոցներուն կողմէ իրեն վերագրուող բոլոր լուրերը անճիշդ են, այնքան ատեն որ ինք անձամբ չէ այդ մասին յայտարարողը:

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Ռիատի դէմ հուսիներուն բռնարարքները իրանեան պատգամներ են, որոնք խիստ դատապարտումի արժանի են, որովհետեւ կը միտին Եմէնի տագնապին խաղաղ լուծումը արգելակել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ ինք կառավարութեան ուղարկած է 2021-ի պետական ամավարկի նախագիծը` անոր կցելով այն փոփոխութիւնները, որոնք նախատեսուած են կատարել` 2020-ի պետական ամավարկին բաղդատելով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց կառավարութեան մէկ անգամուան համար արտակարգ նիստ մը գումարելու եւ 2021-ի պետական ամավարկի ծրագիրը ուղարկելու խորհրդարան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական եւ առողջապահական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին խստիւ դատապարտուեցան Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած յարձակումները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ կոչ ուղղեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին` վերջ տալու իր անտարբերութեան ոճին եւ ուղղակիօրէն խօսելու լիբանանցիներուն հետ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանան արաբական եւ արեւմտեան աշխարհէն կատարեալ մեկուսացումի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կորսնցուցած են իրենց յոյսը:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին միջազգային օժանդակութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Մախզումի խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ դէմ ահաբեկչական գործողութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շնորհաւորագիր մը յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` զօրակցելու համար Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդումին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Սէուտական Արաբիան ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու քայլը` հաստատելով, որ որեւէ բռնարարքի դէմ իրենք կը զօրակցին իրենց արաբ եղբայրներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած յարձակումը` զայն նկատելով հուսիներու ձեռամբ կատարուած իրանեան յարձակում:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց Ռիատի ռմբակոծումը` հաստատելով, որ նման արարքներ շրջանը կ՛առաջնորդեն դէպի յաւելեալ ապակայունութիւն:

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Պէյրութի նաւահանգիստէն 70 բեռնարկղ անհետացած է, իսկ պատասխանատուները այս մասին ոչ մէկ բացատրութիւն ունին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը երէկ նախագահութեամբ իր ղեկավարին` Սամի Ժեմայէլի, գումարեց իր ընթացիկ ելեկտրոնային նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան մուտք գործած է ամբողջական փակումի նոր փուլ մը, որ ամէն տեսակ հաւանականութեան դիմաց կը գտնուի` բացի տիրող տագնապներուն լուծումներէն: Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու մարմինը խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ վրայ գործուած մնայուն յարձակումները` հաստատելով, որ Սէուտական Արաբիոյ կայունութեան խախտումը ամբողջ շրջանի ապահովական կայունութեան հարուած կը նկատուի:

 

Նախորդը

Ուշացածը, Փոխան Ճիշդ Պահու Բանաձեւին

Յաջորդը

Քիւպիչ Հրաժեշտի Այցելութիւններ Տուաւ Պըրրիի, Տըրիանի Եւ Քասեմի

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?