Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքըր Դատապարտեց Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Ցուցարարներուն Անվտանգութիւնը Ապահովելու Յանձնառութիւն Յայտնեց

Յունուար 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ առաւօտեան հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը յանձնառու կը մնայ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը ապահովելու, ցուցարարները եւ իրենց կարծիքը խաղաղ կերպով յայտնելու անոնց իրաւունքը պաշտպանելու, քաղաքացիներուն երթեւեկի իրաւունքը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ապահովելու:

Աքըր խստիւ դատապարտեց ցուցարարներուն կողմէ 31 բանակային վիրաւորելու արարքը` իբրեւ հետեւանք ցոյցին ընթացքին բանակայինները քարկոծելու, ինչպէս նաեւ բանակի զինուորները մոլոթովներու եւ պայթուցիկներու թիրախ դարձնելու:

«Լիբանանեան բանակի զինուորներն ու ապահովութեան ուժերուն անդամները լիբանանցի ժողովուրդին զաւակներն են, որոնք իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ պետական ու սեփական կառոյցներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելով, հետեւաբար ցուցարարները պէտք է օժանդակեն բանակին եւ ոչ թէ անոնց վրայ յարձակին: Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւոր բանակայիններուն` յոյս յայտնելով, որ այս դժուար փուլին հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ կը զինուին բոլորը», շեշտեց Աքըր:

Միւս կողմէ, Աքըր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:

Աքըր խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան օդուժին ոտնձգութիւնները եւ շեշտեց այդ մասին հետաքննութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

Տել Քոլ խոստացաւ անպայման պէտք եղած հետապնդումներն ու խորհրդակցութիւնները կատարել:

Երեկոյեան Աքըր հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ուժերուն գողցած անասունները վերադարձնելը` լիբանանեան բանակի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ ողջունելի է:

Ան հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ գործուած այս արարքները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտում է` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պէտք է յանձնառու մնայ միջազգային այդ բանաձեւին գործադրութեան:

Նախորդը

«Տիապ Ըմբռնում Ցուցաբերեց Մտավախութիւններուն Հանդէպ, Սակայն Ցաւօք Որեւէ Բացառութիւն Անընդունելի Նկատեց» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Յաջորդը

Մինչ Կառավարութիւնը Պատուաստումի Իր Ծրագիրը Կը Յայտարարէ. Թրիփոլիի Մէջ Բողոքի Սաստկացում` Ամբողջական Փակումի Որոշումին Դէմ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?