Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որ այս օրերուն հրաժեշտի այցելութիւններ կը կատարէ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Քիւպիչի հետ քննարկեց իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, ցամաքային սահմաններու խախտումը եւ առեւանգումները, ինչպէս նաեւ Սուրիան ռմբակոծելու նպատակով Լիբանանը իբրեւ մարտկոց օգտագործելը:
Պըրրի հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերուն այս բոլոր արարքները Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտումներ կը նկատուին:
Քիւպիչ այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Քիւպիչ այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի` ներկայութեամբ Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի:
Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերը, «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածումը հակակշռելու ճիգերն ու երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:
Շէյխ Քասեմ ընդգծեց Հըզպալլայի տեսակէտը, որուն համաձայն, պէտք է անյապաղ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմակայել առկայ մարտահրաւէրները: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա իր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ տագնապալի այս օրերուն ընթացքին իր ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա եւ անոր ներկայացուցած Դիմադրութիւնը լիբանանցիներուն կամքին արտացոլացումն են իսրայէլեան ուժերուն դիմադրելու եւ Լիբանանի դէմ անոնց գործած օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւնները արգիլելու առումով: