Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պէտք Է Արագացնել` Լիբանանի Հանդէպ Վստահութիւնը Վերահաստատելու Համար» Շեշտեց Սինիորա

January 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ռաշիտ Տըրպասի:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատել:

«Լիբանանի մէջ արձանագրուած ցնցումներն ու փուլ եկած մարզերը խախտած են լիբանանեան պետութեան եւ հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը», ըսաւ ան:

Սինիորա հաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին առաջադրուած նախաձեռնութիւնը հիմնուած էր լիբանանցի երիտասարդներուն հետ իր հանդիպումին վրայ, հետեւաբար պէտք է կազմել նոր դէմքերով կառավարութիւն մը:

Սինիորա ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող կողմը Հըզպալլան է, որ ըստ երեւոյթին չի փափաքիր ներկայ փուլին կառավարութեան մը կազմութիւնը, այլ կը փափաքի, որ ամէն բան շարունակուի ինչպէս որ է, որպէսզի ան իր եւ Իրանի ձեռքին մէջ ունենայ լիբանանեան խաղաքարտը` բանակցելու Միացեալ Նահանգներու հետ: «Այս իրողութիւնը խիստ մերժելի է», ըսաւ ան:

Սինիորա ընդգծեց, որ առանց նոր կառավարութեան կարելի չէ Լիբանանը դուրս բերել հետեւողական փլուզումի այս ընթացքէն:

Ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ օր մը առաջ արձանագրուած բողոքի ցոյցերն ու խափանարարական արարքները հետեւանք են լիբանանցիներուն հասած կացութեան` աղքատութեան` աւելցնելով սակայն, որ նման ցոյցեր անպայմանօրէն կը շահագործուին սադրիչներու կողմէ, որոնք յաւելեալ քանդումի պատճառ կը դառնան` ոտնակոխելով լիբանանցիներուն շահերը:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 Կարիքաւոր Ընտանիքներու Նիւթական Աջակցութիւն Կը Կատարէ

Յաջորդը

Ղատա Աուն Դատական Հարց Յարուցեց Ռիատ Սալամէի Դէմ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.