Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լիբանանցիներուն Մսխուած, Իւրացուած Եւ Դուրս Փոխանցուած Գումարներուն Հարցը Հետապնդելու Մեր Ճիգերը Պիտի Աշխուժացնենք»

January 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր առցանց ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանցիներուն համար այլեւս յստակ չէ, թէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի ինչո՛ւ սահմանադրական իր պարտականութիւնը չի կատարեր` հանրապետութեան նախագահին հետ համախորհուրդ: «Այս առումով, համախմբումը լուրջ հարց կու տայ, թէ արդեօք նշանակուած վարչապետը իսկապէ՞ս կը փափաքի կառավարութիւն կազմել, թէ՞ անոր նպատակը պարզապէս նշանակումը իր մօտ ունենալն է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը ընդգծեց նաեւ, որ երկրին դիմագրաւած առողջապահական, ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի ճնշող պայմանները կ՛ենթադրեն, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իր սահմանադրական պարտականութիւնը կատարէ` դիւրացնելու համար լիբանանցիներուն կեանքը:

«Ինչպէս որ ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանցիներուն կեանքին սպառնացող համաճարակին տարածումը հակակշռելու, ապա նոյնպէս պէտք է զսպէ նիւթական զօրակցութիւնը, որմէ կ՛օգտուին անոնք, որոնք կարիքաւոր չեն: Պէտք է այդ զօրակցութիւնը հասցէագրուած կերպով կատարուի, որպէսզի իր նպատակին ծառայած ըլլայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ զուիցերիական դատական իշխանութիւններուն արծարծած հարցը շատ կարեւոր կը նկատուի` ընդգծելով, որ անիկա պէտք է պահել դատական իր բնոյթին մէջ` առանց զայն քաղաքականացնելու: «Այս հարցին պէտք է հետեւի նաեւ լիբանանեան դատական իշխանութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենայ բոլոր այն դատական հայցերը, որոնք ներկայացուած են նիւթական ապօրինի փոխանցումներուն մասին: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը այս առումով մեծ թիւով դատական հարցեր յարուցած է, սակայն լիբանանեան դատական իշխանութիւնները ցարդ չեն սկսած այդ հարցերը հետապնդել», կը նշէ համախմբումին հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու աշխատանքին սկսելու` հաստատելով, որ անոր յապաղումը ոչ մէկ կերպով արդարացուած է, մանաւանդ երբ խորհրդարանը վաւերացուցած է դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքին վերացումը:

Համախմբումը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահն է իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու առաջարկին հեղինակը, եւ ան միշտ իր մերժումը արտայայտած է 1992-էն ի վեր երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական եւ դրամական քաղաքականութիւններուն, ծրագիրներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն դէմ: «Սակայն հանրապետութեան նախագահը առանձինն չի կրնար փոփոխութեան ենթարկել այս վիճակը, եւ այս է էական տագնապը անոր եւ այդ քաղաքականութիւնը պաշտպանողներուն ու այդ քաղաքականութենէն օգտուողներուն միջեւ: Այս դիտանիւնէն մեկնելով` համախմբումը լիբանանցիներուն մսխուած, իւրացուած ու դուրս փոխանցուած գումարներուն հարցը հետապնդելու իր ճիգերը պիտի աշխուժացնէ: Երկրին ամբողջական փակումին ընթացքին, համախմբումը պիտի կազմակերպէ աշխատանիստ մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու մասին օրինագիծերու մշակումը արագացնել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Բանակը Իսրայէլեան Օդուժի 8 Ոտնձգութիւններ Կ՛արձանագրէ

Յաջորդը

«Յանձնառու Կը Մնանք Միացեալ Նահանգներու Հետ Բարեկամական Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութիւնը Շարունակելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.