Լիբանանեան

Տըրիան Ընդգծեց Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթին Մէջ Գործակցութեան  Ազգային Պարտականութիւն Ըլլալը

Տըրիան Ընդգծեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Գործակցութեան Ազգային Պարտականութիւն Ըլլալը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը գումակային բոլոր դասաւորումները պիտի կատարէ` մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով: Ֆահմի մաղթեց, որ նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, կարելի...

Ուեհպէ Ընդունեց Քուէյթի  Եւ Թուրքիոյ Դեսպանները

Ուեհպէ Ընդունեց Քուէյթի Եւ Թուրքիոյ Դեսպանները

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ուեհպէ դրուատեց Քուէյթի որդեգրած կեցուածքները, որոնք միշտ կը զօրակցին Լիբանանին: Իր կարգին, Քանայի յայտնեց, որ Քուէյթ պատրաստ է միշտ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին եւ բոլոր պայմաններուն մէջ աջակցելու անոր:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութիւնը պիտի սկսի 27-28 մարտին, հետեւաբար շաբաթ, 27-էն կիրակի, 28 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ այսօր` 24 փետրուար 2021-ին, Սուրիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն արտօնուած է առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 Լիբանան վերադառնալ,...

Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Մինչ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ծրագրէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Քուէյթ մեկնիլ, Լիբանանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ 18 նախարար հաշուող կառավարութիւն պիտի չկազմուի, այլ ճիգեր ի գործ կը դրուին 22 կամ 24 նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմել: Այս լուրերուն զուգահեռ, Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ գիշեր հերքեցին նման ճիգերու գոյութիւնը` վերահաստատելով, որ Հարիրի կառչած կը մնայ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց  Ուեհպէի Եւ Մեծարեց «Արքանսիել»-ը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ուեհպէի Եւ Մեծարեց «Արքանսիել»-ը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց Ֆրանսախօս երկիրներու միութեան անդամ երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներուն գումարելիք ժողովին իր մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ այդ ժողովին տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու միութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հաստատութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւն: Միւս կողմէ, Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան...

Մտաւորական Եւ Քաղաքական  Վերլուծաբան Անիս Նաքքաշ Ոչ Եւս Է

Մտաւորական Եւ Քաղաքական Վերլուծաբան Անիս Նաքքաշ Ոչ Եւս Է

Լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքական վերլուծաբան Անիս Նաքքաշ երէկ կնքեց իր մահկանացուն: Պաղեստինեան դատի բուռն պաշտպաններէն մէկը նկատուող Անիս Նաքքաշ 1964-ին անդամակցած է պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումին եւ մասնակցած է շարք մը գործողութիւններու` Լիբանանի, պաղեստինեան հողերու եւ Եւրոպայի մէջ: 1980-ին Նաքքաշ ամբաստանուեցաւ Մոհամետ Ռեզա Փահլաւի շահին օրով Իրանի վերջին վարչապետ Շահփուր Պախթիարը Փարիզի մէջ մահափորձի ենթարկելու յանցանքով եւ ստացաւ ցմահ բանտարկութեան վճիռ:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 1541-ի, իսկ մահացածներունը` 47-ի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համար միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու իր կոչը: Ռուշտի յայտնեց, որ ՄԱԿ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին: ՏԻՒՐԶԻ...

Կառավարութեան Շուտափոյթ Կազմութեան  Կոչերուն Զուգահեռ.  Պասիլ. «Տուէ՛ք Բարեկարգումները,  Առէ՛ք Կառավարութիւնը»

Կառավարութեան Շուտափոյթ Կազմութեան Կոչերուն Զուգահեռ. Պասիլ. «Տուէ՛ք Բարեկարգումները, Առէ՛ք Կառավարութիւնը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին «տուէ՛ք բարեկարգումները, առէ՛ք կառավարութիւնը» կարգախօսով յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ` անդրադառնալով Լիբանանը յուզող հրատապ հարցերուն եւ առնչակից կողմերու կեցուածքներուն: «Առանց հանրապետութեան նախագահի հաւանութեան եւ անոր հետ համախոհութեան կարելի չէ կառավարութիւն կազմել, եւ մենք արգելակող մէկ երրորդ ձայնը չենք ուզեր», յայտարարեց Ժըպրան Պասիլ` նշելով, որ ոմանք...

Սպառնալով Սաստկացնել Իրենց Քայլերը`  Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու  Սգակիրներու Մոմավառութիւն

Սպառնալով Սաստկացնել Իրենց Քայլերը` Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերու Սգակիրներու Մոմավառութիւն

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով դատական հետաքննութեան նոր դատաւորի նշանակման զուգահեռ, պայթումի զոհերու սգակիրներ շաբաթավերջին մէկէ աւելի շրջաններու մէջ մոմավառութեամբ հանդէս եկան` իրենց բողոքը արտայայտելով ցուցաբերուող «դատական հետաքննութեանց ձգձգումի քաղաքականութեան» դէմ: Արդարեւ, շաբաթ օր եւ երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին (պայթումի ժամուն) սգակիրներ համախմբուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի 3-րդ դրան մուտքին եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ եւ մոմավառութեամբ նշեցին իրենց զոհերուն յիշատակը` եկեղեցական ղօղանջներու եւ...

«Ինչպէս Իշխանութիւնը Պատասխանատուութիւն Է, Նոյնպէս Ալ` Հրաժարականը»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Գուժեց ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեանի Մահը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ գուժեց ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի վաստակաւոր պատասխանատուներէն Ժաք Պոյաճեանի մահը եւ այս գծով հետեւեալ գրառումը կատարեց Դիմատետրի իր էջին վրայ. «Լիբանան այսօր կորսնցուց մեր մարզական վեհ դէմքերէն` վաստակաւոր Ժաք Պոյաճեանը, համեստ ու յարգալիր այն հմուտ մարզիկը, որ իր ներկայութիւնն ու դրոշմը ձգեց լիբանանեան, արաբական եւ ասիական պասքեթպոլի խաղերուն վրայ, միաժամանակ մեծ ու ազդեցիկ ժառանգութիւն...

Համավարակի Տարածման Կանխարգիլման  Ճիգերու Ծիրին Մէջ .  Լիբանան Այսօր Կը Ստորագրէ «Քորոնա»-ի Դէմ  Պատուաստի Ձեռքբերման Համաձայնագիրը

Հակառակ Կանխարգելիչ Պատուաստի Նոր Հոսքերուն. «Քորոնա» Համավարակը Կը Շարունակէ Զոհեր Խլել

Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք շաբաթավերջին գոհունակութեամբ կը հետեւէին աշխարհասփիւռ «Քորոնա» ժահրի համավարակի կանխարգիլման կոչուած պատուաստի երկրորդ ծրարի Լիբանան ժամանումին, անդին համավարակը կը շարունակէր իր մահասփիւռ աւերը` խլելով նոր զոհեր: Արդարեւ, վերջին 24 ժամերուն 43 նոր զոհեր եւ վարակումի 1685 նոր պարագաներ արձանագրուեցան: Այս գծով պատկան կողմեր շարունակեցին ուղղել իրենց կոչը` ընդառաջելու եւ արձանագրուելու պատուաստի ստացման ելեկտրոնային հարթակին` շեշտելով, որ փրկութեան...

Թարեք Պիթար Նշանակուեցաւ Արդարութեան  Գերագոյն Խորհուրդի Նաւահանգիստի Պայթումի  Հետաքննութեան Պատասխանատու Դատաւոր

Թարեք Պիթար Նշանակուեցաւ Արդարութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութեան Պատասխանատու Դատաւոր

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ երբ հասաւ իր գրասենեակը` իմացաւ, որ Քրէական գործերու վճռաբեկ ատեանը վերջ տուած է այդ թղթածրարին հետեւելու իր իրաւասութեան: Կը նախատեսուի, որ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ նշանակէ նոր դատաւորը` Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի համաձայնութիւնը ստանալէ ետք, սակայն հիմնական...

Նախագահ Աուն Ղաժարի Հետ Քննարկեց Փոթորիկին  Պատճառով Վնասուած Ելեկտրական Թելերու   Նորոգութիւններուն Կապուած Հարցեր

Նախագահ Աուն Ղաժարի Հետ Քննարկեց Փոթորիկին Պատճառով Վնասուած Ելեկտրական Թելերու Նորոգութիւններուն Կապուած Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը հարուածող ցուրտի ալիքին պատճառով ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին, ինչպէս նաեւ փոթորիկին պատճառով վնասուած ելեկտրական թելերու նորոգութիւններուն կապուած հարցեր: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը: Ան նախագահ Աունին յանձնեց Չինաստանի նախագահ Սի Ճինփինկէն նամակ մը` Լիբանանի...

Տիապ Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին  Ելեւմտական Իրավիճակը

Տիապ Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակը

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն` ներկայութեամբ իր աւագ խորհրդականին` Խտըր Թալեպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը: Միւս կողմէ, առաւօտեան Տիապ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուած նիւթական վարկին վերաբերող ծրագիրները, որոնցմէ հիմնականը` առաւել աղքատ ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութեան յատկացումներն ու այդ յատկացումները կատարելու գործիքակազմերը: Այս շրջագիծին մէջ...

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պատուաստ Ստանալու Արձանագրութեան  Մղող Ազգային Արշաւի Մը Մեկնարկը Կատարեց

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պատուաստ Ստանալու Արձանագրութեան Մղող Ազգային Արշաւի Մը Մեկնարկը Կատարեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը` առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար առաջադրեց նոր նախաձեռնութիւն մը, որն է քաղաքացիները «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ստանալու արձանագրութիւններուն մղելու եւ զանոնք քաջալերելու ազգային արշաւ մը, որ պիտի կատարուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին` սկաուտական միութիւններուն միջոցով: Այս նախաձեռնութիւնը յայտարարուեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի փոխնախագահ Եուսեֆ Մըլքիի եւ ընդհանուր ներկայացուցիչ Ֆայզա Քանպարի հետ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ունեցած...

Հարիրի Հանդիպեցաւ Ապու Տապիի  Գահաժառանգ Իշխանին Հետ

Հարիրի Հանդիպեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգ Իշխանին Հետ

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն Լիբանանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակն ու զայն հակակշռելու միջոցները: Գահաժառանգ իշխանը Հարիրիէն իմացաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին...

Խմբագիրներու Սենտիքային Մէջ  Կուսակցութիւններու Տեղեկատուական  Գրասենեակներու Պատասխանատուներու Հանդիպում

Խմբագիրներու Սենտիքային Մէջ Կուսակցութիւններու Տեղեկատուական Գրասենեակներու Պատասխանատուներու Հանդիպում

Խմբագիրներու սենտիքային հրաւէրով երէկ սենտիքայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 լիբանանեան կուսակցութիւններու տեղեկատուական գրասենեակներու պատասխանատուները: ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ այս ժողովին մասնակցեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու պատասխանատու Յակոբ Հաւաթեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական իրադարձութիւնները, յատկապէս տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող միացեալ օրէնք մը վաւերացնելու թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ այդ օրինագիծը տարբեր խորհրդարանական յանձնախումբերու կողմէ քննարկուած է...

Ֆահմի. «Չափազանցած Չեմ Ըլլար, Երբ Ըսեմ,  Թէ Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Կրեն Օտար Պետութեան Մը  Սպասարկութիւններուն Մատնահետքերը»

Ֆահմի. «Չափազանցած Չեմ Ըլլար, Երբ Ըսեմ, Թէ Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Կրեն Օտար Պետութեան Մը Սպասարկութիւններուն Մատնահետքերը»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտին եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Սելին Մուերոն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի կողմէ քաղաքապետարաններու օժանդակութեան ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին եւ քաղաքապետարաններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Միւս կողմէ, Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական...

Պապ Թըպպանէի Մէջ Բանակը Կատարեց  Ձերբակալութիւններ Եւ Գրաւեց Զէնքեր

Պապ Թըպպանէի Մէջ Բանակը Կատարեց Ձերբակալութիւններ Եւ Գրաւեց Զէնքեր

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակը Պապ Թըպպանէի մէջ կատարած է խուզարկութիւններ` նախանցեալ օր նոյն շրջանին «Ժիհատ» փողոցին մէջ արձանագրուած կրակոցներուն դրդապատճառները բացայայտելու համար: Տարբեր բնակարաններու մէջ խուզարկութիւններ կատարելու ընթացքին բանակը ձերբակալած է չորս քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ գրաւած է «Քալաշնիքով» տիպի 13 գնդացիրներ, «Էմ.16» տիպի գնդացիր մը, «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետ մը, տասը...

Ֆատի Սուուան Ֆընիանոսի Հարցաքննութիւնը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Շաբթուան, Բայց…

Ֆատի Սուուան Ֆընիանոսի Հարցաքննութիւնը Յետաձգեց Յառաջիկայ Շաբթուան, Բայց…

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հարցաքննութիւնը յառաջիկայ շաբթուան յետաձգուած է: Միւս կողմէ, Ֆընիանոս նախանցեալ գիշեր յայտնեց, թէ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած էր Քրէական ոճիրներու կեդրոնական քննչութենէն, որ յաջորդ օրուան համար (երէկ) կը...

Page 433 of 988 1 … 432 433 434 … 988

Արխիւներ