Լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքական վերլուծաբան Անիս Նաքքաշ երէկ կնքեց իր մահկանացուն:
Պաղեստինեան դատի բուռն պաշտպաններէն մէկը նկատուող Անիս Նաքքաշ 1964-ին անդամակցած է պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումին եւ մասնակցած է շարք մը գործողութիւններու` Լիբանանի, պաղեստինեան հողերու եւ Եւրոպայի մէջ:
1980-ին Նաքքաշ ամբաստանուեցաւ Մոհամետ Ռեզա Փահլաւի շահին օրով Իրանի վերջին վարչապետ Շահփուր Պախթիարը Փարիզի մէջ մահափորձի ենթարկելու յանցանքով եւ ստացաւ ցմահ բանտարկութեան վճիռ: Տասնամեակ մը ետք, Անիս Նաքքաշ ազատ արձակուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի ներման հրամանագիրով:
70-ամեայ մտաւորականը «Քորոնա»-ի ժահրին դէմ մղած իր մարտը կորսնցուց Դամասկոսի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Նաքքաշի մարմինը այսօր Դամասկոսէն կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր ան հողին կը յանձնուի:



