Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատի Սուուան Ֆընիանոսի Հարցաքննութիւնը Յետաձգեց Յառաջիկայ Շաբթուան, Բայց…

February 19, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հարցաքննութիւնը յառաջիկայ շաբթուան յետաձգուած է:

Միւս կողմէ, Ֆընիանոս նախանցեալ գիշեր յայտնեց, թէ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած էր Քրէական ոճիրներու կեդրոնական քննչութենէն, որ յաջորդ օրուան համար (երէկ) կը հրաւիրէր զինք` ներկայ գտնուելու դատաւոր Սուուանի հետ հարցաքննութեան նիստի մը:

Ֆընիանոս յայտնած էր, թէ ինք կը մերժէ ներկայ գտնուիլ` նկատի ունենալով զինք տեղեակ պահելու ձեւին մէջ արձանագրուած խախտումը:

Աւելի ուշ, Քրէական գործերու վերադատ ատեանի նախագահ, դատաւոր Ժամալ Հաժժար որոշեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան թղթածրարը Ֆատի Սուուանէն այլ դատաւորի մը յանձնել:

Նշենք, որ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլ եւ Ղազի Զաայթեր ընդհանուր դատախազութենէն խնդրած էին նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը Սուուանէն այլ դատաւորի յանձնել:

Երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ուղղուեցան Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր կատարեցին բողոքի նստացոյց մը` լիբանանեան դատական իշխանութիւնները նկատելով փտած իշխանութիւններ եւ հաստատելով, որ պայթումին թղթածրարը այլ դատաւորի մը յանձնելը քաղաքական որոշում է: Անոնք սպառնացին մագլցողական քայլերու դիմել:

Ընդհանուր դատախազութիւնը երէկ համաձայն գտնուեցաւ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի ժամանակաւոր տնօրինման յանձնախումբի նախագահ Հասան Քրայթեմի եւ նաւահանգիստի ապահովութեան պատասխանատու Մոհամետ Զիատ Աուֆի ազատ արձակումին:

Քրայթեմ եւ Աուֆ նաւահանգիստի պայթումին յանցանքով ամբաստանուած էին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նաժըմի Հետ Քննարկեց Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Զախարովա Խօսած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մասին

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.