ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութիւնը պիտի սկսի 27-28 մարտին, հետեւաբար շաբաթ, 27-էն կիրակի, 28 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ այսօր` 24 փետրուար 2021-ին, Սուրիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն արտօնուած է առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 Լիբանան վերադառնալ, պայմանով որ անոնք առաւելագոյնը 96 ժամ առաջ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարած ըլլան, եւ քննութեան արդիւնքը ժխտական ըլլայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ յաջորդող օրերը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ փոփոխութիւններ կրնան յառաջացնել` աւելցնելով, որ Հըզպալլա նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնած է, թէ իրեն համար կառավարական որեւէ կազմ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հաւանութիւնը չի վայելեր, մերժելի է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլ դիւանագիտական իր պարտականութիւնը աւարտած ըլլալուն առիթով կատարած այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ այցելեց Թրիփոլիի քաղաքապետ Ռիատ Եամաքի, որուն յայտնեց, թէ Թուրքիա պատրաստակամ է Թրիփոլիի եւ Թրիփոլիի քաղաքապետարանին մատուցելու ամէն ինչ, որուն կարիքը կը զգացուի: «Թրիփոլին յատուկ տեղ ունի իմ եւ իւրաքանչիւր թուրքի սրտին մէջ, իսկ երբ Թրիփոլի կ՛այցելեմ, կը զգամ, թէ հարազատներուս կ՛այցելեմ», շեշտեց ան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրի բոլոր կէտերուն` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ ընտրական օրէնքը` անոր այլանդակ ըլլալուն համար, եւ կոչ կ՛ուղղէ զայն փոփոխութեան ենթարկելու: Ան վերահաստատեց իր վերապահութիւնը` ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին նկատմամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններն ու երկու երկիրները յուզող միացեալ հարցերը: Պուխարի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա կառչած կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ անոր հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը նկատէ, որ կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը կազմուի` իրականացնելու համար լիբանանցիներուն ձգտումները:


