Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Չափազանցած Չեմ Ըլլար, Երբ Ըսեմ, Թէ Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Կրեն Օտար Պետութեան Մը Սպասարկութիւններուն Մատնահետքերը»

February 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտին եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Սելին Մուերոն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի կողմէ քաղաքապետարաններու օժանդակութեան ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին եւ քաղաքապետարաններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի, եւ հակառակ երկրին դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ապրուստի եւ այլ տագնապներուն, երկրին ապահովական կայունութիւնը անխախտ կը մնայ:

Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով ապահովական կառոյցները մեծ եւ արտակարգ ճիգեր ի գործ կը դնեն, ինչպէս նաեւ կը հարուածեն ծրագրուած ոճիրի խարիսխները` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

Ֆահմի հաստատեց, որ Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Եգիպտոսի միջեւ ապահովական հզօր գործակցութիւն գոյութիւն ունի` ահաբեկչական բջիջներուն, ինչպէս նաեւ ոճրային կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարելու նպատակով:

Ֆահմի հաստատեց, որ տագնապներու լուծումը կը սկսի կառավարութեան կազմութեամբ: «Լիբանանեան ներքին քաղաքական թնճուկներ կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութիւնը: Անոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնք Լիբանանի վրայ իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենան», ըսաւ ան` մտահոգութիւն յայտնելով, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ ուշանալ:

Ֆահմի հաստատեց, որ իրեն համար անհրաժեշտութիւնը լիբանանեան պետութեան հեղինակութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումն է:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի դէպքերուն` Ֆահմի յայտնեց, որ ապահովական կառոյցները կրցած են հետապնդել պետութեան հեղինակութիւնը հարուածող կանխամտածուած ծրագիրի մը գոյութիւնը` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի սերային դէմ օգտագործուած են մեծ թիւով ռումբեր, որոնք հսկայական գումարներ կ՛արժեն:

«Թրիփոլիի դէպքերուն ընթացքին կիրարկուած է յստակ ծրագիր մը եւ ահաբեկչական ոճ մը: Չափազանցած չեմ ըլլար, երբ ըսեմ, թէ այդ դէպքերը կը կրեն օտար պետութեան մը գաղտնի սպասարկութեան մատնահետքերը, որոնց ինքնութիւնը տակաւին մինչեւ օրս յստակ չեն: Սակայն յստակ է, թէ անոնք լիբանանցիները կ՛օգտագործեն այդ ծրագիրները գործադրելու նպատակով», հաստատեց Ֆահմի:

 

Նախորդը

Պապ Թըպպանէի Մէջ Բանակը Կատարեց Ձերբակալութիւններ Եւ Գրաւեց Զէնքեր

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.