Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ուեհպէի Եւ Մեծարեց «Արքանսիել»-ը

February 23, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց Ֆրանսախօս երկիրներու միութեան անդամ երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներուն գումարելիք ժողովին իր մասնակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ այդ ժողովին տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու միութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հաստատութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւն:

Միւս կողմէ, Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Արքանսիել» բարեսիրական միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին միութեան ծրագիրներու տնօրէն Նետիմ Ապտօ եւ Հաշմուած անհատներու ազգային խորհուրդի անդամ Ժորժ Քոսթանօ:

Նախարարի պաշտօնակատարը մեծարեց «Արքանսիել»-ը, որուն ջանքերով կարելի եղաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքը նորոգել` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անոր կրած վնասներէն ետք:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան` նախարարութեան շէնքը նորոգելու իր նախաձեռնութեան առիթով` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը շատ արագ կատարուած էր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան եւ միութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ երկկողմանի այն ծրագիրները, որոնք կարելի է միասնաբար յաջողեցնել` նպաստելու համար լիբանանցի երիտասարդներուն:

Համաձայնութիւն գոյացաւ աւելի ուշ կազմակերպելու աշխատանիստ մը` միացեալ գործակցութեան ծրագիր մը մշակելու նպատակով:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Կը Շնորհաւորէ
Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը

Երէկ երեկոյեան Վ. Օհանեան-Գէորգեան հետեւեալ գրառումին ընդմէջէն շնորհաւորեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը. «Լիբանանի տղաքը արժանի կերպով ներկայ գտնուեցան մրցումներուն… Այնպէս ինչպէս Պահրէյնը եւ Իրաքը զոյգ անգամներ տապալած էին, վերահաստատեցին Հնդկաստանի դէմ իրենց յաղթանակը` Մայրիներու հաւաքականը արժանացնելով Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտականին հասցնելու ամբողջական կէտով (6/6): Ախոյեաններ, ինչպէս որ մեզի վարժեցուցած են: Շնորհաւոր ըլլայ Լիբանանի արժանաւոր եւ պատուաբեր մասնակցութիւնը Ասիոյ ախոյեանութեան հարսանիքին»:

 

Նախորդը

Մտաւորական Եւ Քաղաքական Վերլուծաբան Անիս Նաքքաշ Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.