Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը` առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար առաջադրեց նոր նախաձեռնութիւն մը, որն է քաղաքացիները «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ստանալու արձանագրութիւններուն մղելու եւ զանոնք քաջալերելու ազգային արշաւ մը, որ պիտի կատարուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին` սկաուտական միութիւններուն միջոցով:
Այս նախաձեռնութիւնը յայտարարուեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի փոխնախագահ Եուսեֆ Մըլքիի եւ ընդհանուր ներկայացուցիչ Ֆայզա Քանպարի հետ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ունեցած հանդիպումէն ետք:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կատարուած է հիմնուելով նախարարութեան ունենալիք գիտակցութեան արթնացումի ազգային դերակատարութեան վրայ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը Լիբանանի տարածքին գործող իր սկաուտական միաւորներուն ընդմէջէն պիտի աշխատի քաղաքացիները պատուաստ ստանալու ե-հարթակին արձանագրութեան մղել եւ օժանդակել անոնց, որպէսզի արձանագրութիւնները կատարեն:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան նամակ մը յղեց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին` յայտնելով, որ կառավարութեան կողմէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի ե-հարթակին յայտարարութենէն եւ լիբանանցիները այդ հարթակին վրայ արձանագրուելու կոչ ուղղելէ ետք նշմարած են, որ լիբանանցիներուն միայն 15 առ հարիւրը ընդառաջած է պատուաստ ստանալու արձանագրութեան:
«Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ձեր ֆետերասիոնը կը հրաւիրէ հանդիպումի մը` քննարկելու համար պատուաստ ստանալու համար լիբանանցիները արձանագրութեան մղող, զանոնք քաջալերող եւ անոնց օժանդակող ազգային արշաւի մը մեկնարկը կատարելու հեռանկարները:
Այս արշաւը կը հետապնդէ երկու նպատակ, առաջին` հասարակական գիտակցութիւն արթնցնել` պատուաստը ստանալու կարեւորութեան մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական դիմադրողականութիւն ապահովել, իսկ երկրորդ` անոնց, որոնք արձանագրուելու կարողութիւն չունին, յատկապէս տարեցներուն օժանդակել, որպէսզի արձանագրուին», նշուեցաւ նամակին մէջ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան մաղթեց, որ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը սկաուտական բոլոր միութիւններուն շրջաբերականով տեղեակ պահէ այս մասին, ինչպէս նաեւ այս արշաւին համար ընդհանուր համադրող մը նշանակէ` նկատի ունենալով սկաուտական միութիւններուն աշխարհագրական դիրքերը, եւ վիճակագրական յստակ ցուցակ մը պատրաստէ` ներառելով այն գիւղերն ու գիւղաքաղաքները, ուր այս արշաւը գործադրուած է, ինչպէս նաեւ թուային պատկերը ներկայացնէ այն քաղաքացիներուն, որոնք արձանագրութեան համար օժանդակութիւն ստացան: